ԵՐԿՆԱՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀԻՆՔ

Պօղոս առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք. «Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած: Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի: Իսկ երբ Քրիստոս՝ ձեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ փառքով պիտի յայտնուիք Անոր հետ» (Կղ 3.1-4):

Մեծ Պահքի 15-րդ օրն է:

Սրբազան առաքեալին այս տողերը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար յիշեցում մըն է, որ ճշմարիտ հաւատացեալին համար կայ մէ՛կ տուն՝ երկինքը, եւ արդարեւ, անտեսելով աշխարհիկ ու գնայուն բաները, պէտք է մեր ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ դէպի երկինք կեդրոնացնենք, որովհետեւ մեր Փրկիչը՝ Քրիստոս հոն է, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած:

Առաքեալը կը յիշեցնէ նաեւ, թէ Քրիստոսի հաւատացողները այս աշխարհին համար այլեւս մեռած են ու կ՚ապրին Քրիստոսով ու Քրիստոսի համար, եւ ապա այլեւս պէտք է միայն երկնաւոր բաներու մասին խորհին: Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութիւնը լաւագոյն առիթն է այս ուղղութեամբ մենք մեզ վերանայելու, հասկնալու, թէ ի՛նչքանով մեր ուշադրութիւնը դէպի երկինք դարձուցած ենք, ի՛նչքանով երկնաւոր բաներու մասին կը խորհինք՝ անտեսելով աշխարհը եւ աշխարհին կապուած որեւէ մտահոգութիւն կամ զբաղմունք:

Առաքեալը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ մենք կոչուած ենք Քրիստոսի հետ միասին ապրելու այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է մեզի համար: Այդ կեանքին հասնելու համար, սակայն, կարիքն ունինք մենք մեզ պատրաստելու, հեռու մնալով աշխարհէն եւ հրաժարելով աշխարհիկ ամէն տեսակի սովորութիւններէ ու կապուածութիւններէ: Իսկ այդ բոլորին կրնանք հասնիլ, երբ մենք մեր անձերը կ՚ենթարկեցնենք մեր հոգիին, այսինքն՝ մեր հոգիով կ՚առաջնորդուինք աւելի, քան՝ մեր մարմինով, որովհետեւ «անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է: Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):

Կառչի՛նք հետեւաբար երկնային ու երկնաւոր բաներու մասին խորհելով մաս եւ բաժին ունենանք Տէր Յիսուսի հետ, Որուն, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին փառք, յաւիտեաններէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023