ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրն է: Ժողովրդային անուանումով՝ Միջինք:

Շատեր, Միջինքը որպէս հանգստութեան եւ ուրախութեան առիթ կ՚ընկալեն, ոմանք նոյնիսկ իրենց պահեցողութիւնը կը խախտեն՝ մտածելով, թէ այդ օրը հանգիստի օր է: Այն ինչ, այս օրը յատկապէս, վերաքննութեան, ինքնագնահատումի ամենէն կարեւոր օրն ու առիթն է, հասկնալու համար, թէ մինչեւ այսօր մեր ճանապարհորդութիւնը ինչպէ՞ս անցաւ, ո՞ւր հասած ենք, ի՞նչ վիճակի մէջ են: Եւ այս ինքնաքննութիւնը, գնահատումն ու արժեւորումը կատարելէ ետք վերազինուինք, թարմանանք, նոր եռանդով ու ոգիով շարունակենք մեր ճանապարհորդութիւնը, ա՛լ աւելի ինքնապաշտպանուած հոգեւոր զէնքերով ու առաքինութիւններով:

Այսօրուան ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

«Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. “Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. ‘Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ. ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի քանանացիներու եւ ամօրհացիներու ու փերեզացիներու եւ խեւացիներու ու յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բխող երկիրը պիտի հանեմ’: Անոնք քու ձայնդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ՚աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէսզի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’: Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, ո՛չ ալ զօրաւոր ձեռքով: Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք: Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք. հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք”» (Ելք 3.16-22):

Այս հատուածին եթէ հոգեւոր դիտանկիւնով նայինք, ապա հետեւեալը կ՚ունենանք.

Եգիպտոսը աշխարհն է, որ բազմաթիւ հաճոյքներով, ցանկութիւններով եւ մեղքերով լեցուն է, ինչ բանը հոգեւոր կեանք ապրողներուն համար տանջալից ու տառապալից է, այլ խօսքով, բոլոր անոնք որոնք կը փորձեն Աստուածահաճոյ կեանքով ապրիլ, անպայմանօրէն կը հանդիպին չարչարանքներու, դժուարութիւններու եւ տառապանքներու:

Քանանացիներու եւ ամօրհացիներու ու փերեզացիներու եւ խեւացիներու ու յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բխող երկիրը դրախտն է, յաւիտենականութիւնն է, որ Տէրը խոստացած է տալ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատարմութեամբ կը հետեւին Իրեն՝ իրենց խաչը կրելով: Եւ արդարեւ, պահեցողութեան այս ընթացքը լաւագոյն առիթն է, մեր ուսերուն եղած խաչը ա՛լ աւելի ամրօրէն պահելու, սիրով կառչելու անոր եւ շարունակելու մեր ընթացքը:

Երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէսզի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք. երեք օրուան ճանապարհը մեր պանդխտութեան ընթացքն է աշխարհին վրայ, որ ամբողջութեամբ պէտք է զԱստուած փառաբանելու եւ Աստուծոյ մենք մեզ զոհ մատուցելու ընթացք մը ըլլայ: Մենք մեզ զոհ մատուցենք, այսինքն՝ առաքինութեամբ եւ առաքինի գործերով մենք մեզ ընծայենք Աստուծոյ եւ Անոր նմանութեամբ եւ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդուն:

Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ. Եգիպտոսի թագաւորը՝ սատանան ի՛նքն է, որ իր արբանեակներուն միջոցով ամէն կերպով կը փորձէ խոչընդոտել հաւատացեալներուն ընթացքը, որպէսզի չկարենան խոստացուած երանութեան հասնիլ:

Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս. անոնք որոնք Աստուծոյ ողորմութեան եւ օգնականութեան կ՚ապաւինին, ապա Ամենողորմն Աստուած անպայմանօրէն Իր ձեռքը պիտի երկարէ եւ բազմապիսի հրաշքներով պիտի պահէ ու պահպանէ Իրեն յուսացողներն ու ապաւինողները:

Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ…, ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք. Աստուծոյ շնորհքը երկնաւոր սպառազինութիւնն է, որ զարդարուած է զանազան առաքինութիւններով, հաւատքի գործերով: Իսկ Եգիպտոսը կողոպտելը՝ չարին վրայ յաղթանակ տանիլն է, ջախջախելն է սատանան՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակով: Իսկ սատանային կարելի է ջախջախել հաւատքի, աղօթքի եւ ծոմապահութեան կեանքով ապրելով, ինչպէս Սուրբ Մակար Մեծը կ՚ըսէ. «Ուստի, երբ հաւատքով, աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ արթուն հսկելով՝ մենք մեզ վերոյիշեալներով կը զինենք, շատ դիւրութեամբ նաեւ կրնանք պատերազմիլ այս խաւար աշխարհի տէրութիւններուն եւ իշխանութիւններուն դէմ: Այսպէս, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ եւ առաքինութեանց մէջ յարատեւելով՝ մենք կը յաղթենք թշնամի ուժերուն եւ կը պատրաստուինք ու արժանի կ՚ըլլանք յաւիտենական կեանքին, փառաւորելով Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն»:

Քսանչորրորդ օրուան մարտահրաւէր. Միջինքի այս օրը ծառայեցնել ինքնաքննութեան, եւ այդ ինքնաքննութեամբ ա՛լ աւելի զօրացած եւ հաստատակամ քայլելով շարունակենք մեր ճանապարհորդութիւնը՝ հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024