ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը շա­րու­նա­կէ Ար­ցա­խի մէջ յա­ռա­ջա­ցած ճգնա­ժա­մի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րել հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան։ Հա­մայն հա­յու­թեան մտա­հոգ սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին մի­ջեւ։ Եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը շեշ­տե­ցին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մե­րուն կող­մէ Ար­ցա­խի ի նպաստ օ­ժան­դա­կու­թեան գծով առ­նուե­լիք քայ­լե­րը ներ­դաշ­նա­կեց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։

Միւս կող­մէ, Ան­թի­լիա­սի մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ար­ցա­խի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան, Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան եւ Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

 

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016