ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ՊԵԼԱՄԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի (Ֆրանսա) վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Պատգամաւորը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Պելամիին ընկերացաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Հարկ է նշել, որ ֆրանսացի խորհրդարանականը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ մատուցուած հայրապետական Ս. Պատարագին։

Վեհափառ Հայրապետը եւ պատգամաւոր Պելամի զրոյցի ընթացքին անդրադարձան զանազան խնդիրներու։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը Ֆրանսայի իշխանութիւններուն ու բարեկամ ժողովուրդին նկատմամբ՝ բոլոր ժամանակներուն, ծանր եւ դժուարին օրերուն Հայաստանին օժանդակելու եւ զօրակցելու համար։ Ան յոյս յայտնեց, թէ բարեկամ երկիրներու զօրակցութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ իրավիճակի կայունացման եւ արդարութեան վերականգնման։

Պելամի, որ առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէր, անդրադարձաւ իր ուղեւորութեան նպատակներուն։ Ան նշեց, որ կը ջանայ ծանօթանալ յետպատերազմեան իրավիճակին, առկայ խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած վնասները եւ առկայ մարտահրաւէրները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի սանձազերծած բռնութիւնն ու անկէ բխած մնացեալ երեւոյթները կ՚արժանանան միջազգային հանրութեան եւ Եւրոխորհրդարանի պատշաճ արձագանգին։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021