ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ճիպ­րալ­թա­րի եւ­րո­պա­կան հա­տուա­ծի ար­քե­պիս­կո­պոս Ռա­պըրթ Ին­նէս ե­րէկ այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ իր վի­ճա­կի դի­ւա­նա­պետ Հայր Մեու­րիկ Ո­ւի­լիըմ­սի։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նը, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նը, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նը եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նը։

Ռա­պըրթ Ին­նէս Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ, փա­փա­քած էր հա­ղորդ դառ­նալ նաեւ հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի մթնո­լոր­տին։ Տ. Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պո­ս Ա­թէ­շեան ող­ջու­նեց հիւր հո­գե­ւո­րա­կա­նին ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ա­նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց թրքա­հայ հա­մայն­քին եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մա­սին։ Իր կար­գին, Ռա­պըրթ Ին­նէս Ար­քե­պիս­կո­պոսն ալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ճիպ­րալ­թա­րի Ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թեան իշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս հո­գե­ւոր կեան­քի կա­ցու­թեան շուրջ։ Ի յի­շա­տակ սոյն այ­ցե­լու­թեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ի­րեն նուի­րեց գիրք մը։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին Ճիպ­րալ­թա­րի Ար­քե­պիս­կո­պո­ս Ռա­պըրթ Ին­նէս ստո­րագ­րեց Պատ­րիար­քա­րա­նի պա­տուոյ տո­մա­րը եւ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Ս. Աստուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղե­ցի, ուր կա­տա­րեց իր ուխ­տի ա­ղօթ­քը։

Գում­գա­բուէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ ան խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն ըն­ծա­յուած ան­կեղծ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։

ՊԱ­ՐԻԻ ՄԷՋ ԺՈ­ՂՈՎ

Միւս կող­մէ, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ի­տա­լիոյ Պա­րի քա­ղա­քին մէջ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հա­ւա­քի մը։ Սուրբ Է­ճի­տիօ միա­բա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պը-ւած էր այս հա­ւա­քը, ո­րու ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առնուե­ցան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն առ­կայ վի­ճակն ու ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րը։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան եւ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, ո­րոնք սու­րիա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը բա­ցատ­րե­ցին հան­գա­մա­նօ­րէն։ Իր կար­գին, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեանն ալ ներ­կա­յա­ցուց «Ա­րե­ւել­քի մէջ նեղ ճա­նա­պարհ» խո­րագ­րեալ զե­կու­ցում մը։

Հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը կա­տա­րե­ցին նաեւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթք մը վասն խա­ղա­ղու­թեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015