Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԷՋ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՀՈԼԱՆՏԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին նախագահեց Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Այս եկեղեցւոյ հաստատման 20-ամեակը յոբելենական մասնաւոր ծրագիրով մը պիտի նշուի յառաջիկայ աշնան։ Իսկ շաբաթավերջի անուանակոչութեան շրջանակներէն ներս Նորին Սրբազնութիւնը եկեղեցւոյ սրահին մէջ համախմբուեցաւ աւելի քան 200 հոլանտահայ երիտասարդներու հետ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անոնց հետ զրուցեց շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ։

Երիտասարդներուն կողմէ եզակի փորձառութիւն մը եղաւ այս հաւաքը՝ քանի Նորին Սրբազնութիւնը բոլորը տպաւորեց՝ որպէս ինքնուրոյն անձնաւորութիւն եւ հեղինակաւոր հոգեւոր առաջնորդ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երիտասարդներուն ուղղեալ պատգամներուն մէջ առանձնապէս կարեւորեց՝ որպէս անհատ հանդէս գալը եւ հայկական ժառանգութեան տէր կանգնիլը։ Նորին Սրբազնութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը ներգրաւուին ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Միեւնոյն ժամանակ ան յորդորեց օգտագործել թեքնոլոժիք ձերքբերումները՝ հայ-քրիստոնեաներուն բնորոշ արժէքներու տարածման համար։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած յոբելենական հանդիսութիւններու շրջանակին մէջ եւս նախատեսուած է նաեւ երիտասարդական հաւաք մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024