ԱՊԱՒԻՆԻԼ ՃՇՄԱՐԻՏ ԼՈՅՍԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

«Լոյս ճշմա­րիտ Քրիս­տոս,
ար­ժա­նա­ւո­րեա զհո­գի իմ
ու­րա­խու­թեամբ տե­սա­նել զլոյս փառաց քոց ի կոչ­ման ա­ւուրն…»

(Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի)

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի այլակերպութեան տօնին հասած ենք։ Տօնակատարութիւն մը, որ ծլարցակումն է այն կենսաւէտ ու հաստաբուն մշտադալար ծառին, որուն  արմատները խորացած են Սուրբ Աւետարանի բերրի հողին մէջ։ Սուրբ Աւետարանն է, որ մեզի կը փոխանցէ այլակերպութեան եւ կամ այլ անունով պայծառակերպութեան դէպքը, որուն կեդրոնական տեղը կը գրաւէ լոյսը, լոյսին պայծառութիւնը։ Այս սքանչելի եւ հրաշալի դէպքը իրականացած է Քրիստոսի եւ իր երեք աշակերտներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի ներկայութեան։ Պայծառակերպուողը նոյնինքն Քրիստոսն է, իսկ առաքեալները սքանչելի լոյսով ողողուած այլակերպութեան վկաները, որոնք իրենց կեանքի այս փորձառութիւնը պիտի փոխանցէին յետագային, դառնալով լոյսի քարոզիչներ։ Այս սքանչելի դէպքը արտայայտութիւնն էր Քրիստոսի Աստուածային բնութեան, որու մասին կը դաւանինք բոլորով սրտիւ եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակի ընդարձակ բնագրին մէջ, ըսելով. «…եւ կատարեալ Աստուածը, կատարեալ մարդ եղաւ, հոգիով, մտքով ու մարմնով։ Եղաւ մէկ անձ, մէկ դէմք եւ միաւորեալ մէկ բնութիւն» (թրգ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան)։

Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն եւ երախտաշատ սուրբերէն՝ Հռոմկլայեցի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, գրի առած քսանեւչորս տուներէ բաղկացեալ «Հաւատով Խոստովանիմ» հանրածանօթ աղօթքի տուներէն միոյն մէջ Քրիստոսը կը ներկայացնէ որպէս «ճշմարիտ լոյս»։ Այս որակումը զոր կը պարտինք սրբակենցաղ անձի մը, որուն համակ կեանքը եղած է յիրաւի լուսաւոր։ Ան չէ բաւարարուած միայն լուսաւորուելով եւ կամ միայն լուսաւորուած մնալով, այլ նաեւ անդրանցելով անհատական կեանքի սահմանները, փոխանցած է իր լոյսը, փոխանցում մը՝ որ տակաւին կը շարունակուի բոլոր անոնց միջեւ, որոնք գիտեն արժէքը փոխանցուած լոյսին։ Այդ լոյսը հաւատքի լոյսն է։ Այդ լոյսը հաւատքով ձեռք բերուած գիտութեան լոյսն է։ Այդ լոյսը Հայ Եկեղեցին բարոյական անգնահատելի արժէքներով օժտելու եւ հարստացնելու վառ փափաքի մը արտայայտութիւնն է։ Եւ այդ լոյսը չէ շիջած. որովհետեւ մեծանուն Սուրբ Հայրապետը կապուած էր ճշմարիտ Լոյսին, ապաւինելով միակ Լուսատուին, որ տիեզերքը ստեղծեց ոչինչէն, որուն առաջին քայլը եղաւ Աստուածային հրամանը՝ որ էր «Լոյս ըլլայ. եւ եղաւ լոյս»։  Շարունակութեան մէջ կը կարդանք. «Եւ Աստուած տեսաւ լոյսը, որ բարի է» (Ծննդոց, 1.3-4)։ Աստուած բնաւ չկամեցաւ որ, մարդ արարածը խաւարամած կեանքի մը ճիրաններուն մէջ ապրելու վիճակին մատնուի բարոյապէս, անծանօթ մնալով կենարար լոյսին։

Անգիտութեան խաւարը, մեծագոյն արգելքն է մարդուն առջեւ առ Աստուած մերձեցման, զԱստուած ճանչնալու եւ մանաւանդ հասկնալու թէ ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ վստահիլ։ Խաւարի մէջ ապրողին համար լոյսի արշալոյսը կը ծագի այն ատեն, երբ կ՚ընդառաջէ Սուրբ Գիրքի բառերուն. «Ճաշակեցէք եւ տեսէք որ Տէրը բարի է. երանի այն մարդուն որ անոր կը յուսայ» (Սաղմոսք, 34.8)։

Եկեղեցւոյ բոլոր աղօթանուէր սուրբերը, աղօթքի պահուն իրենց բերանները կը վերածեն պարզունակ հաւատացեալի, մեղաւորի եւ կամ ապաշխարողի բերանին։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, իր աղօթքին մէջ կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ լոյս Քրիստոս, շնորհէ հոգիիս՝  որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ Քու փառքիդ լոյսը…»։  Սուրբ Հայրապետը նկատի ունի այն պահը, երբ իր հոգին պիտի աւանդէ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։ Սրտագին փափաք մը, որ նոյնպէս ի զօրու է բոլոր իրաւ հաւատացեալներուն համար։ Աստուծոյ լոյսին ապաւինելով խաւարը մերժել, Աստուծոյ լոյսով ընթանալով խաւարը վանել կը նշանակէ արժանանալ Աստուծոյ հաճութեան։

Այլակերպութեան տաղաւարի գիշերային ժամերգութեան պահուն երգուած «Ի վերին Երուսաղէմ» հանգստեան երգին բառերը մեզի կը յիշեցնեն Հին կտակարանի երկու կարեւոր դէմքերը, որոնք իրենց հաւատաւոր կեանքին վարձատրութիւնը ընկալած էին։ Իւրաքանչիւր յուղարկաւորութեան եւ կամ հոգեհանգստեան արարողութեան երգուած ու ժողովրդականացած այս հոգեւոր երգին մէջ նշուած երկու դէմքերէն առաջինն է Ենովք նահապետը, որ իր հաւատաւոր կեանքի օրինակով արժանացած էր երկինք փոխադրուելու, առանց մահը տեսած ըլլալու։ Ան երկրի վրայ քալած էր Աստուծոյ հետ եւ շահած՝ Աստուծոյ հաճութիւնը (Ծննդոց, 6.24։ Եբրայեցիս, 11.5-6)։ Իսկ երկրորդն է Եղիա մարգարէն, որ Աստուծոյ փառքին նկատմամբ նախանձախնդիր կեցուածքի իր օրինակով նոյնպէս երկինք փոխադրուեցաւ, առանց մահ ճաշակելու (Դ. Թագաւորութեանց, 2.11-12)։ Աստուծոյ հաճութեան արժանանալու նախապայմանն է «հաւատալ Աստուծոյ գոյութեան ու վստահիլ Աստուծոյ զօրութեան» (Եբրայեցիս, 11.6), երկրաւոր կեանքը հաստատել «հաւատքի ժայռին վրայ, որպէսզի երբ երկրաւոր նեղութիւններ, անձկութիւններ գան անձրեւներու, փոթորիկներու, յորդող գետերու  նման, երկրաւոր կեանքը մնայ հաստատ եւ աներեր» (հմմտ. Մատթէոս, 7.24-25)։

Աբբա Եփրեմ Խուրի իր աղօթամատեանին մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի նման կ՚աղօթէ, ըսելով. «Լո՛յս ճշմարիտ Քրիստոս, որ կը լուսաւորես ամէն մարդ. լուսաւորէ մեղքերով խաւարածս, բա՛ց սրտիս աչքերը եւ հաստատէ Քու պատուիրաններուդ երկիւղին ու սիրոյն մէջ»:

Յովհաննէս Ծործորեցի անդրադառնալով այլակերպութեան խորհուրդին, մեկնութեանը մէջ կ՚ըսէ. «Անիմաստ չէր Անոր դէմքին արեւի պէս լուսաւորուիլը. որովհետեւ Արդարութեան Արեգակը ըլլալով՝ Ան կ՚այրէր խաւարի գործերը, կը փարատէր  տգիտութեան ու կռապաշտութեան գիշերուան մթութիւնը եւ կը  պայծառացնէր մարդիկը աստուածային գործերու համար»

Ի զուր չէ, որ աղօթանուէր սուրբերը Քրիստոսի կը դիմեն, որպէս «ճշմարիտ լոյս, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ» (Յովհաննէս, 1.9)։ Այդ դիմումին բառերը ցոյց կու տան, թէ անոնք որքան լաւ ըմբռնած էին Քրիստոսի խօսքը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքի կ՚առաջնորդէ»  (Յովհաննէս, 8.12)։

Աշխարհէ հեռու լերան գագաթին պատահած այլակերպութիւնը մարդկային աչքերու առջեւ կը պարզէր այնպիսի առինքնող տեսարան մը, որ կ՚ուրախացնէր ականատես աշակերտները, որոնք տեսարանի գեղեցկութեան առինքնող զօրութենէն յափշտակուած, ակամայ կ՚առաջարկեն չբաժնուիլ եւ բնակիլ հոն տաղաւարներու տակ։ Իրենց ցուցաբերած այս կեցուածքը յորդոր մըն է անտեսելու աշխարհի խաւարը իր բոլոր գնայուն ու վաղանցուկ որպէս թէ արժէքներով եւ բնակիլ այլակերպուած մարմնացեալ Բանին Աստուծոյ անշիջանելի լոյսին մէջ։ Նաեւ պէտք է ի մտի ունենալ, թէ այս սքանչելի դէպքին թագն ու պսակն է Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը, որ ինքնին քաղցր հրամայական մըն է. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս, 17.5)։

Քրիստոսի Խօսքը Լոյս է։ Այդ Լոյսը տարածուեցաւ, Քրիստոսի «Դուք էք աշխարհի լոյսը» բառերով պատուած նուիրեալներու շնորհիւ։ Անոնք եղան «աշտանակներ», եւ «անոնց լոյսը շողաց մարդոց առջեւ, ու անոնց բարի գործերը տեսանելի դարձան ու բարի գործերուն շնորհիւ փառաւորուեցաւ Երկնաւոր Հայրը» (հմմտ. Մատթէոս, 5.14-16)։ 

Մարդոց նկատմամբ սիրով լեցուած Աստուծոյ տնօրինութիւնն էր, որ Քրիստոս, Սիմէոն Ծերունիի աղօթքին բառերով «ղրկուած էր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ Աստուծոյ ժողովուրդին՝ Իսրայէլի փառքը ըլլալու» (Ղուկաս, 2.30-32)։ 

Քրիստոսի սուրբ տնօրինութիւնները լոյսով կ՚ողողեն մեր կեանքի օրերը։ Իւրաքանչիւր տնօրինութիւն ինքնին լուսաւոր պատգամներով ատակ է լուսաւորելու եւ լուսաւոր պահելու մեր կեանքի օրերը, բաւ է որ այս սուրբ տնօրինութիւններու յիշատակութիւնները աննկատ չմնան եւ կամ սովորական օրերու չվերածուին։ Բաւ է, որ այդ տօնակատարութիւններու կեդրոնը բազմած մնան հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Պօղոս առաքեալ այս երեքին կարեւորութիւնը շեշտելէ յետոյ, սէրը կը ներկայացնէ որպէս «այս երեքէն մեծագոյնը» (Ա. Կորնթացիս, 13.13)։

Այլակերպուած Քրիստոսը լոյսի, պայծառութեան քարոզիչն է։ Սիրոյ Վարդապետն է, որ խաչելութեան վաղորդայնին իր աշակերտներուն յորդորած է ըսելով. «Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհաննէս, 15.12)։ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը իրար սիրելու գաղափարը կը ներկայացնէ, որպէս ցուցիչը Աստուածսիրութեան (Ա. Յովհաննու, 4.19-21)։

Քրիստոսի Սուրբ Արեամբ մեղքի ծառայութենէն գնուածներուս, Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին արժանացածներուս համար կեանքի նշանաբան թող ըլլայ Հօր Աստուծոյ ձայնը   լսուած՝ պայծառակերպութեան պահուն, ինչ որ լսուած էր նաեւ Քրիստոսի մկրտութեան պահուն։ Հօր Աստուծոյ  ձայնը կնիքն է, որ կը վաւերացնէ Քրիստոսի Աստուծոյ Որդի ըլլալու հանգամանքը։ Պայծառակերպուած Քրիստոսի ճշմարտութիւնը կը կենայ մեր առջեւ եւ կը հրաւիրէ բնակելու աստուածային լոյսին շնորհքով եւ  ընթանալու աստուածային լոյսի անմար փարոս՝ Սուրբ Աւետարանի պայծառազարդող  զօրութեան ապաւինելով։

Հաւատքով, յոյսով ու սիրով լեցուած միանանք Հռոմկլայեցի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ երգենք ուրախութեամբ. «Այսօր երկնքի հրեշտակներուն հետ պիտի ցնծանք աստուածութեանդ իմանալի լոյսին ծագման տօնով. կ՚օրհնենք Քեզ, Հօր էակից, որ տիեզերքը փրկելու եկար»։ (թրգ. Եփրեմ Արք. Թապագեան)։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գնալը կղզի, 2 յուլիս 2024

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024