ՊԱԼԸՔԼԸԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՐԴԵՀԻՆ ԲԵՐՈՒՄՈՎ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ պատգամ մը ուղարկեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցէն ներս նախընթաց օր ծագած ահաւոր հրդեհին եւ յառաջացուցած ծանր վնասներուն բերումով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին։

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022