ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, 3-5 Նոյեմբեր թուականներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովներու բացման հանգրուանին Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը, յաջողութիւն մաղթելով աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց ժողովականներուն նկատմամբ՝ Հայոց Եկեղեցւոյ մատուցուած նուիրեալ ծառայութեան կապակցութեամբ։ Նիստերուն ատենապետեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդները՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նստաշրջանի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին-նուիրապետական աթոռներ յարաբերութիւնները, թեմերու գործունէութիւնները, Հայ Եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, ծիսական-կարգապահական կեանքին վերաբերեալ հարցեր։
Նոյեմբերի 3-ի նիստին 2015-ի ոգեկոչման արարողութիւններուն Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութեան մասին զեկուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ ԳՀԽ զեկոյցը ընդունեց գոհունակութեամբ եւ ժողովականները մասնաւոր գնահատանք յայտնեցին 100-րդ տարելիցի արարողութիւններու կազմակերպիչ յանձնախումբին։
ԳՀԽ-ի ժողովին ընթացքին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակն ու սուրիահայ համայնքին խնդիրները։ Ժողովականները մանրամասնօրէն իրազեկուեցան այս մասին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ցարդ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն եւ թեմական կառոյցներուն կողմէ սուրիահայութեան ցուցաբերուած աջակցութեան, ներառեալ նիւթական, ու հաւաստիացուեցաւ՝ որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել ինչպէս սուրիահայ համայնքին, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Դիւանատան Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Քհնյ. Աւետիսեան զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Պելժիոյ հայոց եկեղեցական համայնքներուն մասին։ Ան ներկայացուց պելժիահայ ծխական համայնքներու կազմաւորման առընչութեամբ տրուած յանձնարարականներուն գործընթացն ու անոնց արդիւնքները։ Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան։
ԳՀԽ անդրադարձ կատարեց նաեւ եկեղեցական ժողովական կառոյցներուն։ Քննարկումներու լոյսին տակ ծրագրուեցաւ յառաջիկայ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարել Ազգային-եկեղեցական ժողով։ Այս կապակցութեամբ ստեղծուեցան համապատասխան յանձնախումբեր։ Եպիսկոպոսաց ժողովի նորաստեղծ գրասենեակի գործունէութեան վերաբերեալ զեկուցեց Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան, որ այդ գրասենեակի տնօրէնն է։ ԳՀԽ-ի կողմէ ուղենշուեցան գրասենեակի ապագայ գործունէութեան շրջանակները։
Նոյեմբերի 4-ի նիստի սկիզբին, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, ԳՀԽ-ի անդամները աղօթեցին Ռուսաստանի Թուլայի շրջանին մէջ, Մոսկուա-Երեւան ճանապարհին վրայ արկածի ենթարկուած օթօպիւսին մէջ զոհուած հայորդիներուն հոգւոցն ի հանգիստ։
Ժողովի աւարտին ԳՀԽ-ի անդամները շնորհաւորեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձը՝ Նորին Սրբութեան մաղթելով կենաց արեւշատութիւն եւ հովուական բեղուն գործունէութիւն՝ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն հաւատաւոր հայ ժողովուրդին։
ԳՀԽ-ի նստաշրջանը փակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Պահպանիչ» աղօթքով։