Ս. ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 2015 թուականի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով՝ այս տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։ Ուստի, շաբաթավերջին, հաւատացեալներու օրհնութեան համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած այդ համաքրիստոնէական սրբութիւնը դուրս բերուեցաւ։

Բերկրառատ տօնի առթիւ, մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանի երդիքին տակ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանի, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը։

Արարողութեան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի կողմէ վերաբերուեցաւ Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որով ան օրհնեց ներկայ ժողովուրդը, ապա հաւատացեալներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ երկրպագելու եւ օրհնութիւն ստանալու համաքրիստոնէական այդ սրբութենէն։ Ս. Պատարագի աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը արձակման աղօթքի ժամանակ ալ նոյնպէս Ս. Գեղարդով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները։

Մինչեւ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը բաց մնաց հաւատացեալ ժողովուրդի երկրպագութեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021