ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԱՐՕՆ ԵՊՍԿ. ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երէց անդամներէն Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեան վախճանած է 86 տարեկան հասակին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն անդամներէն սրբազանի վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան բազմավաստակ սրբազանի կորուստը՝ աղօթելով անոր հոգւոյն հանգստութեան ու խաղաղութեան համար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեան վախճանած է երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ վերջ։ Բօթը Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ երէկ իսկ հաղորդուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեան, աւազանի անունով Ժիրայր, ծնած էր 1937 թուականին Պէյրութի մէջ։ Ընդունուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, սարկաւագ ձեռնադրուելէ վերջ աւարտած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։ Բարձրագոյն ուսում ստացած էր Անգլիոյ մէջ։ Իր հոգեւոր ծնողն էր վախճանեալ Տ. Սերովբէ Արք. Մանուկեան։ 1992 թուականին եպիսկոպոսական օծում ստացած էր՝ ձեռամբ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երկար տարիներ Ֆրանսայի հարաւային շրջաններէն ներս մատուցած էր ծառայութիւն։ Ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ իրեն շնորհուած էր՝ Հայ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը։

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր, իր իսկ փափաքով կոչուած էր հանգստեան։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023