ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ ՇՕՇԱՓԵՑ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՀԱՐՑԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ժոֆրուա Տիտիէն, որուն ընկերացաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ժոֆրուա Տիտիէի դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանի՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներու կատարած յայտարարութիւններուն եւ որդեգրած բանաձեւերուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով Արցախը հայաթափուեցաւ։ Ան կանգ առաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման ուղղեալ ակրեսիւ քաղաքականութեան վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ ցարդ Ատրպէյճանէ չեն վերադարձած հայ ռազմագերիները։ Ան առանձնապէս խօսեցաւ նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն մասին՝ կարեւորելով միջազգային ատեաններու կողմէ ազդու քայլերու ձեռնարկուիլը։
Իր կարգին, Ժոֆրուա Տիտիէ յայտնեց, որ Հայաստան այցելութեան օրերուն ի մօտոյ ծանօթացած է Արցախի հայրենազրկուած հայութեան ծանր կացութեան։ Ան շեշտեց, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան գործարքին շուրջ ստեղծուած իրադարձութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ՝ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ այս հարցին առընչութեամբ կատարուած կոչին մասին։