ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի եւս բոլոր հաւատացեալներու սրտին մէջ կար այն մաղթանքը, որ խաղաղութեան լոյսը սփռուի համայն աշխարհին վրայ։ Տարուան առաջին տաղաւարը ստեղծեց հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։ Տօնակատարութիւններուն ընթացքին հայ առաքելական հաւատացեալները Ս. Ծննդեան աւետիսով եւ անկեղծ բարեմաղթանքներով ողջունեցին զիրար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ համայն հայութեան ուղղեալ հայրապետական տօնական պատգամը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանը ուղիղ եթերով տեսասփռեց փառաշուք տօնակատարութիւնները, որոնց հետեւեցաւ ողջ աշխարհի հայութիւնը։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգակները երէկ առաւօտ ղօղանջեցին ազդարարելով տօնական աւետիսը։ Ծանրաշուք թափօրով մը, հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր արարողութիւններուն հետեւեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Տաղաւարի Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի պետական աւագանին՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Վեհափառ Հայրապետի ամպհովանին կրեցին Մայր Աթոռի բարերարներէն Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները, «Արմէնփրէս» գործա-կալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ «Քոնվերս» դրամատան տնօրէն Տիգրան Դաւթեան։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական ջրօրհնէքի կարգը, որ նշանաւորեց Տէր Յիսուսի Ս. Մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ։ Այս հանգրուանին խորհրդանշական կնքահօր դերը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներէն գնդապետ Ճալալ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ Մայր Տաճարի խաչը երէկուան պատարագէն վերջ Հայաստանի սահմաններու օրհնութեան համար կ՚ուղարկուի զանազան զօրամասեր։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, մայրավանքի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն վերստին փոխանցեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան հրեշտակաբարբառ աւետիսը։