Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Նորոգուեցէք ձեր մտքով եւ հոգով ու հագէք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ» (Եփ. 4.23-24):

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի հրաշագործ այս օրը, համախմբուած մեր եկեղեցիներուն մէջ, կ՚օրհնաբանենք նորածին Փրկիչը՝ իրարու փոխանցելով փրկաւէտ ողջոյնը. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»։

Աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը կը հնչէ աշխարհի վրայ, կ՚արձագանգէ մարդոց հոգիներուն մէջ որպէս անզուգական հրաւէր՝ Քրիստոսով նորոգուելու, խաղաղութիւն հաստատելու, սէրը առատացնելու։ «Նորոգուեցէք ձեր մտքով եւ հոգով ու հագէք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ», կը պատգամէ առաքեալը՝ ներշնչուած Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան աւետիսով։ Արդարեւ, Աստուածորդին աշխարհ եկաւ՝ մեղանչական մարդուն ցոյց տալու փրկութեան ճանապարհը, որ կը բացուի Քրիստոսով նորոգուածներու համար: Այս ուղիով կ՚ընթանան Փրկչին հաւատացող ու փորձութիւններու առջեւ չընկրկող հոգիները եւ մեղքի ու չարի դէմ աներկբայ մարտնչողները:

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան շնորհները կը պարգեւեն մարդկութեանը օրհնեալ կեանք՝ խարսխուած աստուածպաշտութեան, բարութեան, ճշմարտութեան ու արդարութեան վրայ, յոյսով ու լաւատեսութեամբ կը զինեն կորուստներէն ու ցաւերէն վշտահար ու յուսաբեկ հոգիները, կ՚ապաքինեն եւ կը լիացնեն բարիէն ու սէրէն ամայացած սիրտերը եւ կը զօրացնեն դժուարութիւններուն դիմակայելու, նոյնիսկ անվճռելի թուացող ճգնաժամերն ու պատուհասները յաղթահարելու։

Փրկչի Ծննդեամբ մարդկութեան կեանքին մէջ հնչող նորոգութեան հրաւէրի անտեսումը, Աստուածորդիի պատուիրաններուն հակառակ ընթացքները, սակայն, չարիք ու աւեր կը սփռեն եւ այսօր ալ պատճառ կը դառնան հասարակութեան մէջ, ընտանիքներու մէջ գժտութիւններու ու անհանդուրժողութեան, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ հակամարտութեան ու թշնամանքի: Յիրաւի, առաքեալի խօսքի համաձայն, «մեղքի վարձը մահն է, իսկ Աստուծոյ շնորհը՝ յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէր Քրիստոս Յիսուսի միջոցով» (Հռ. 6.23):

Սիրելիներ, Աստուածորդիի հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը առանձնակի քաջալերութեամբ կը համակէ, հաւատքով կը գօտեպնդէ Քրիստոսասէր մեր ժողովուրդը, որ վերջին տարիներուն ենթարկուեցաւ նոր փորձութիւններու։ Արցախեան պատերազմի եւ ամիսներ առաջ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու արհաւիրքներուն մէջ մենք վերստին կրեցինք ծանր կորուստներու ցաւն ու տառապանքը: Մեր զաւակները հերոսաբար զոհուեցան յանուն հայրենիքի, հազարաւորները հաշմանդամ դարձան։ Մեր տասնեակ զաւակներ գերութեան մէջ են, տակաւին կան անյայտ կորսուածներ։ Տեւական ժամանակ արգելափակուած է Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը, ինչ որ յանգեցուցած է մարդասիրական աղէտի: Այս ծանր իրավիճակին մէջ մեր դէմ ծառացած հիմնախնդիրները յաղթահարելու համար մենք կարիքն ունենք ճշմարիտ նորոգութեան, սրտով, հոգիով, մտքով մաքրուելու, Քրիստոսով վերափոխուելու եւ միախորհուրդ ու միակամ դառնալու ազգի եւ հայրենիքի առջեւ մեր յանձնառութիւններուն մէջ։ Այսպիսի նորոգութեամբ կրնանք հայրենական մեր կեանքէն բացառել ամենայն չարն ու անարդարը, վախի, բռնութեան, ատելութեան ու յարմարուողականութեան կործանարար դրսեւորումները եւ հայրենիքի բարւոք ապագայի տեսլականով համախմբել ազգային ողջ ներուժը, ամրագրել իրարու հանդէպ յարգանքն ու սէրը, վստահութեան հաստատուն հիմքերու վրայ խարսխել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը։ Պատմական փորձառութեամբ գիտենք, որ նեղութիւններէն յաղթանակած դուրս եկած ենք, երբ եղած ենք միաբանուած ընդհանրական նպատակներու շուրջ։ Քրիստոսով նորոգուած, Քրիստոսով միասնական, Աստուծոյ շաւիղներով քալելով, մենք, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ, մեզ պաշարած փորձութիւններէն այսօր ալ յաղթական դուրս պիտի գանք (Հմմտ. Հռ. 8.37)։

Սիրելի զաւակներ Մեր, Աստուծոյ օգնականութիւնը խնդրելով՝ ամուր մնանք առ Փրկիչ մեր Տէրը հաւատքի մէջ եւ աներկմիտ սրտով պահպանենք մեր մէջ Սուրբ Ծննդեան յուսաբեր տօնի հոգեւոր ապրումը։ Զօրանանք հայրենիքի սիրով եւ ամէն կարելի հնարաւորութեամբ սատարենք Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն ներս դժուարութիւններ կրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Գիտակցինք, որ պատասխանատու ենք հայրենիքի ու սերունդներու առջեւ եւ վտանգի չենթարկենք մեր անկախ պետականութիւնը։ Մեր բարի գործերը դարձնենք հիմերը մեր վերելքի ու յաղթութեան եւ միասնաբար կերտենք մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի ապահով, լուսաւոր գալիքը։

Սուրբ Ծննդեան Պատարագի այս սրբազան պահուն Հայրապետական Մեր խօսքը կը յղենք խրոխտ ու անվեհեր Արցախի հաւատաւոր Մեր զաւակներուն։ Սիրելի արցախցիներ, մեր ժողովուրդի մտածումներն ու հայեացքները այս օրերուն առաւելաբար ձեզի ուղղուած են։ Դուք, որ դժուարութիւններու առջեւ երբեք չէք ընկրկած ու չէք նահանջած, այսօր ալ տոկունութեամբ կը շարունակէք հերոսաբար պայքարիլ յանուն ձեր ազատ ու անկախ կեանքի, յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման։ Ձեր քաջ նախնեաց փառաւոր օրինակով հաստատուն ու աննկուն մնացէք հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ արարելու վճռականութեան մէջ: Մեր Սուրբ Եկեղեցին աշխարհասփիւռ իր թեմերով ձեզի հետ է, աջակից ու զօրակից ձեզի։ Ձեր հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան արդար պահանջը պիտի յաղթանակէ համայն հայութեան ջանքերով եւ միջազգային հանրութեան սատարումով։ Կը հաւատանք, որ Աստուծոյ ողորմութեամբ մեր ժողովուրդը զինք պատած խաւարի մէջ լոյս պիտի ծագեցնէ եւ դիմագրաւէ իր կեանքին մէջ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրներուն։

Այս զգացումներով ու մտածումներով, Սուրբ Ծննդեան աւետիսով Մեր ողջոյնը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն․ Տ. Նուրհան Արք․ Մանուկեանին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն․ Տ. Սահակ Արք․ Մաշալեանին՝ մաղթելով Աստուծոյ զօրակցութիւնը տէրունաւանդ ծառայութեան մէջ։ Ի Քրիստոս եղբայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր քոյր Եկեղեցիներու պետերը՝ հայցելով մանկացեալ Փրկչի օրհնութիւնը իրենց աստուածապատուէր առաքելութեան եւ հաւատաւոր հօտին։ Հայրապետական Մեր սէրն ու բարեմաղթանքները կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։

Սուրբ Ծննդեան այս շնորհազարդ առաւօտին սրտագին աղօթքով կը խնդրենք Ամենակալ Տիրոջ, որ բեթղեհէմեան աստղալոյսը յարատեւ շողարձակէ մեր ազգային կեանքի երկնակամարին, որպէսզի մենք, Փրկչին ապաւինած, հաստատենք մեր ընթացքը սիրոյ, համերաշխութեան ու միասնականութեան շաւիղներուն մէջ։ Թող Սուրբ Ծննդեան կենարար խորհուրդով խաղաղութիւն ըլլայ աշխարհին ու համայն մարդկութեան։ Թող հաւատքով պայծառացած՝ աշխարհասփիւռ ազգս հայոց զօրացնէ իր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, իրականութիւն դարձնէ իր նուիրական իղձերը եւ փառաւորէ մարդեղացեալ Փրկիչը՝ գոհութեամբ ձայնելով.

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»:

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023