ՊԱՅԾԱՌԱՓԱՅԼ ԱՍՏՂԸ…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հոգեւոր ցնծութեամբ ու մեծ շուքով տօնախմբեց տարուան առաջին տաղաւարը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական ու լուսաբեւեռ կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագը արդէն ամրապնդեց հոգեւոր միասնականութեան զգացումն ու գիտակցութիւնը։

Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի զանգերը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ տօնական կշռոյթով՝ մինչ Հայրապետական ծանրաշուք թափօրը Վեհարանէն սկսաւ շարժիլ դէպի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր տաճարը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը ծանրաշուք թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Մայր տաճար։ Նորին Սրբութիւնը ամպհովանիի ներքեւ, հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, հաւատացեալ ժողովուրդին իր օրհնութիւնները առատօրէն բաշխելով մուտք գործեց Մայր տաճար, ուր նախ խոնարհեցաւ եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց Իջման Սուրբ սեղանին առջեւ, իսկ ապա բարձրացաւ աւագ խորան։

Մայրավանքի ձիւնածածկ տարածքը արդէն տարբեր տպաւորութիւն կը գործէր բոլոր անոնց վրայ, որոնք կա՛մ ներկայ էին տեղւոյն վրայ եւ կամ ուղիղ եթերի միջոցաւ կը հետեւէին Հայրապետական Սուրբ Պատարագին։ Աւելին, Մայր տաճարի հիմնանորոգումէն ու վերաօծումէն վերջ սա առաջին տաղաւարի Սուրբ Պատարագն էր, որ կը մատուցուէր։ Արդարեւ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի հիմնանորոգութեան երկար տարիներուն տաղաւարի Հայրապետական Սուրբ Պատարագները տեղի կ՚ունենային Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։ Իսկ 2025-ի տարեմուտին, ահա աւանդութիւնը վերականգնուեցաւ եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի Հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը վերստին մատուցուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ։

Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան եւ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Սրբազան արարողութեան հետեւեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, սփիւռքէն բազմաթիւ հիւրեր եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։ Աղօթական մթնոլորտի մէջ բոլորը զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով եւ ստեղծուած հոգեւոր միասնականութեան մթնոլորտը Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարէն ալիք-ալիք տարածուեցաւ հասնելով հայաշխարհի բոլոր անկիւնները, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակները, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի աշխարհասփիւռ հօտը արդէն կը սպասէր հոգեւոր հրճուանքով։

Մայր տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնները անգամ մը եւս կատարեց մեծ յաջողութեամբ՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլորի ներաշխարհին վրայ եւ առիթ դառնալով հոգեւոր անբացատրելի ապրումներու։ Վերանորոգեալ Մայր տաճարի սրբազան կամարներու ներքեւ, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հոգեզմայլ շարականները հերթական անգամ յաղթական կշռոյթով հնչեցին՝ փոխանցելով Ս. Ծննդեան աւետիսը, որ այս ծանր շրջանին հայութեան համար յոյս թարմացնելու, իրարու նկատմամբ զօրակցութեան զգացումները ամրապնդելու հերթական առիթն ու կոչն էր։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը։ Ամբողջ հայաշխարհը մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Նորին Սրբութեան տաղաւարի պատգամին, որ յորդորներ կը բովանդակէր՝ հայ իրականութեան դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Սուրբ Գիրքէն ընթերցումներուն յաջորդեցին ջրօրհնեաց շարականներու երգեցողութիւնները եւ Մեծն Բարսեղ Կեսարացիի աղօթքը։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը Ս. Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը, որ արարողութեան աւարտին բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ջրօրհնէքի ընթացքին Խաչի այս տարուան կնքահայրն էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի «Կլոր սեղան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեան։

Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը վերստին իր օրհնութիւնը փոխանցեց հաւատացեալներուն եւ Մայր տաճարի աւագ խորանէն հերթական անգամ տաղաւարի փրկարար աւետիսը փոխանցեց իր հաւատաւոր ու հաւատարիմ աշխարհասփիւռ հօտին։

Ջրօրհնէքի արարողութենէն վերջ վերստին թափօր մը կազմուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետը Մայր տաճարէն դուրս, դէպի Վեհարան առաջնորդելու համար։ Հայրապետական թափօրը հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան կողմէ շրջապատուեցաւ՝ մինչ հաւատացեալները իրարու հետ կը մրցէին Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր հաւատացեալին երկարեց իր ձեռաց խաչը՝ մանաւանդ մանուկները, երիտասարդները եւ զինուորները առատօրէն ստացան իր օրհնութիւնները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւնները, որոնք առցանց հարթակներու վրայ եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ ուղիղ եթերով սփռուեցան, անմիջական ուշադրութեան արժանացան համայն աշխարհի հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, որոնք առիթն ունեցան իրենց հոգեւոր ընդհանրական կեդրոնին մէջ ստեղծուած հրճուանքին եւ ցնծութեան հաղորդ դառնալու։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2025