ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅԿ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը։ Այս վերջինը պաշտօնի կոչուելէ վերջ առաջին անգամ կ՚այցելէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ողջունելով քաղաքապետի այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց իրեն եւ իր վարչակազմին։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են մայրաքաղաքի բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման եւ առկայ խնդիրներու լուծման։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ իր կարգին, Հայկ Մարութեանն ալ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց մայրաքաղաքի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Հայկ Մարութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հնարաւորինս աջակցիլ՝ եկեղեցւոյ եւ քաղաքապետարանի միջեւ համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման ի նպաստ մայրաքաղաքի բնակիչներուն։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երեւանի եկեղեցապատկան կառոյցներու՝ երեք հայորդեաց տուներու, մանրանկարչութեան դպրոցի, հաշմանդամ երեխաներու վարպետաց տան, բարեգործական ճաշարաններու, մանուկներու խնամքի ցերեկային կեդրոնի գործունէութեան, նաեւ եկեղեցիներու խնամքին ու պահպանութեան վերաբերեալ հարցերու։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020