ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇԷ ՄԻՋԻՆՔԸ

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով այս տարի Միջինքը կը նշուի այսօր՝ Մարտի 7-ին:

Միջինքը, որ կը կիսէ Մեծ պահքը, հայոց մէջ նշուած է ժողովրդական շարք մը ծիսակատարութիւններով: Անիկա կը նշուի Մեծ պահքի 24-րդ օրը։

Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն որ բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:

Ըստ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի՝ Միջինք անունը կը տրուի Մեծ պահքը կիսող օրուան, որ տօնական նշանակութիւն չունի: Միջինք է Դ. (չորրորդ) Չորեքշաբթի կամ Մեծ պահքի 24-րդ օրը: Միջինքէն սկսեալ՝ Խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին կը սկսին երգուիլ Ստեղի շարականները՝ յաւուր պատշաճի:

Մեծ պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք։ Միջինքի առթիւ եկեղեցիին մէջ տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան Արեւագալի արարողութիւն, իսկ երեկոյեան՝ Եկեսցէ։ Եկեղեցական կանոնի համաձայն, Միջինքին կը սկսի Ստեղի շարականի երգեցողութիւնը։ Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու համար, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին։

Ժամանակին գոյութիւն ունեցած են Միջինքի յատուկ սովորութիւններ, որոնցմէ ցարդ մնացած է իրանահայութեան «Միջինքի կարկանդակ»ը։

Միջինքի ժողովրդային սովորութիւնները, որոնք մեծ մասամբ կ՚առընչուին Քառասուն մանկանց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօներուն, կ՚ամփոփուին բաղարջ պատրաստելու, բախտ փորձելու, լիճք պատրաստելու եւ բացօթեայ պտոյտի մէջ։

Դարալագեազի, Վաղարշապատի, Հին Ջուղայի, Շիրակի, Բասէնի, Արարատեան նահանգի մէջ կային հետաքրքրական սովորութիւններ։

Մեծ պահքի 23-րդ օրը եկեղեցիին մէջ կը շինուէր լիճք, կոնքի (տաշտ) մը մէջ կը լեցնէին ջուր ու ձէթ եւ եղէգէ խաչի մէջ պատրոյգը լիճքին մէջ կը վառէին մինչեւ լուսաբաց։ Առաւօտեան լիճքի ջուրը կը բաժնէին եւ կը խառնէին բաղարջի խմորին հետ։ Այդ բաղարջը կը կոչուէր միջունք, միջնաբաղջ, կլոճ։

Բախտ փորձելու համար բաղարջին մէջ կը դրուէր ուլունք կամ դրամ։ Բաղարջը տան երէցը կը բաժնէր տան բոլոր անդամներուն։ Ուլունքը կամ դրամը որու բաժինէն դուրս գար, տարուան առատութիւնը անոր գլխուն կ՚ըլլար։ Իսկ եթէ ուլունքը կամ դրամը դանակին բերանը գար, այն ժամանակ բախտը ամբողջ տան վրայ կը տարածուէր, իրենց ապրուստը պէտք է սպասէին հողէն։

Բասէնի եւ Արարատեան նահանգի մէջ լիճքի ջուրին մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ (լիճքին ջուրը չէին բաժներ)։ Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին բարեկամի մը տունը, իւրաքանչիւրը կը ժողվէր քառասուն մանր քարեր՝ ի յիշատակ Քառասուն մանկանց՝ եւ մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր կը կրկնէին՝ ուրեմն՝ 1600 ծունր, որպէսզի Քառասուն մանկանց աղօթքը իրենց վրայ ըլլայ։

Դարալագեազի մէջ սովորութիւն էր, որ Միջինքէն ետք եկող Գրիգոր Լուսաւորիչի օրը (Մուտն ի վիրապ) նորահարսին կեսուրը հրաւիրէր իր տան բարեկամ կիները, հարսին մայրն ու անոր բարեկամ կիները եւ զանազան ուտեստեղէն պատրաստելով՝ երթային կանաչազարդ դաշտերը զբօսնելու։ Այս զբօսանքին անունը գեաշտ էր։

Կարգ մը շրջաններու մէջ կը թխուէր կուտապը։ Կուտապը պատրաստելու համար ալիւրը կը շաղեն ձէթով, խմորի գունդերը գրտնակով կը տափակցնեն եւ իւրաքանչիւր գունդի մէջ կը դնեն խաշած լուբիա, բակլայ, սոխ կամ այլ բանջարեղէն, ապա զայն կը ծալեն բոլորակաձեւ կամ ձուաձեւ եւ կը թխեն թոնիրի մէջ։ Երբ կուտապը պատրաստ ըլլայ, հարսերն ու աղջիկները իրենց բաժինները կ՚առնեն եւ իրենց հարեւան ընկերուհիներուն հետ կ՚երթան կանաչապատ եւ յարմար տեղ մը։ Այդ օր ոչ մէկ հասուն կին, կեսուր կամ երիտասարդ կ՚ընկերանայ անոնց։ Այդ օրը ազատ կ՚ըլլան հարսերն ու աղջիկները։ Իրենց ընկերուհիներուն կը պատմեն իրենց ցաւերը կամ նոր կեանքի լաւ ու վատ կողմերը։ Ապա շուրջպար կը բռնեն։ Իսկ վերջաւորութեան կ՚ուտեն իրենց կուտապը։

Ժողովրդական տօներն ու ծէսերը (եկեղեցական ծէս կը կոչուին շարքը այն խօսքերուն, երգերուն եւ շարժումներուն, որոնք կ՚արտասանուին, կ՚երգուին եւ կը կատարուին եկեղեցւոյ անդամներուն կամ հաւատացեալներուն կողմէ զԱստուած պաշտելու համար միասնաբար) մեծ մասամբ պատշաճեցուած են առատ հիւրասիրութեան հետ, ուր իրենց տեղը ունեցած են նաեւ ծիսական-տօնական ուտեստեղէններն ու կերակուրները։ Հետեւաբար, ծիսական կերակուրները մեր ժողովուրդի կենցաղին մէջ ընդունուած են հնագոյն ժամանակներէ ի վեր, ուստի այդ կերակուրներուն անուանումներն ալ առընչուած են տուեալ տօնին հետ, որովհետեւ պատրաստուած են այդ տօներուն եւ ծէսերուն ժամանակ, ինչպէս պահքի տոլմա, պահքի սարմա, պահքի գաթա, պահքի քէօֆթէ, ոսկէ պահք, եւ այլն։

Ուրիշ կարգ մը շրջաններու մէջ եւս կը գործադրուի բաղարջի մէջ «բախտ» դնելու սովորութիւնը, բայց այդ շրջանները բաղարջը կը թխեն Դեկտեմբերի վերջին օրը եւ կը բաժնեն Յունուար 4-ի երեկոյեան։

Հայրենական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մեզի համար կենսաւորման եւ ներշնչման աղբիւրներ են, որոնք պէտք է պահուին, ինչ որ ալ ըլլան մեր կեանքի ներկայի պայմանները։ Երանի՜ այն ժողովուրդին, որ գիտէ ամուր պահել այդ կապը իր անցեալին հետ ու տէր կանգնիլ այդ աւանդոյթներուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018