ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, այս առաւօտ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Հարկ է նշել, որ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած նախընթացով, Մեծ պահոց սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գումարուի ԳՀԽ-ն՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, արծարծելով ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային հարցերը։ ԳՀԽ-ի ներկայ նստաշրջանին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շաբաթավերջին արդէն մեկնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Ուրբաթ-շաբաթ գիշերուան ուշ ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլէն ուղիղ թռիչքով հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ գլխաւորուած բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ։ Շաբաթ առաւօտ, Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանէն ներս «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նորին Ամենապատուութեան ժամանման առթիւ։ Մայր Աթոռ Սուրբ  Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի գլխաւորութեամբ միաբանութեան անդամներ ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Լուսարարապետ սրբազան հայրն ալ բարիգալստեան խօսք մը արտասանեց Նորին Ամենապատուութեան ժամանման առթիւ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ նախկին պոլսահայ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայեան, որոնք Հայաստան կը գտնուին։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը հարցազրոյց մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան, իսկ աւելի վերջ Վեհարանէն ներս ներկայացաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Գայիանէ վանքին մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան։ Օրուան քարոզէն առաջ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։ Քարոզի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը խորհրդածութիւններ ըրաւ Արտաքսման կիրակիի մասին։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կեցութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022