ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մեծ Պահքի 16-րդ օրն է:

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին 11-րդ գլուխին մէջ կը խօսի հաւատքի մասին՝ թուարկելով հաւատքի անցեալ ախոյեանները:

Առաքեալը այսպէս կը գրէ.

«Ի՞նչ է հաւատքը: Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր: Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն էր, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան:

Հաւատքով է որ կը հասկնանք տիեզերքին ստեղծումը Աստուծոյ խօսքով, որով տեսանելի այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացաւ» (Եբր 11.1-3):

Մեծ պահքի այս շրջանը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար՝ պահեցող կամ չպահեցող, ոսկի առիթ մը պէտք է ըլլայ՝ հաւատքը զօրացնելու առումով: Հաւատք՝ առ Աստուած առաջին հերթին, հաւատք՝ մենք մեր նկատմամբ, ունենալու այն ըմբռնումը, թէ՝ Քրիստոսի ողորմութեամբ ի զօրու ենք յաղթահարելու եւ փառքով նուաճելու պանդխտութեան մեր այս տարիները:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին այսպէս կը գրէ. «Մարմինը հոգիով կը կենդանանայ, իսկ հոգին՝ հաւատքով. առանց հաւատքի ան դիակ է»: Մեծ պահքի այս ընթացքին համար պայքարի նոր ձեւ մըն է ասիկա. զօրացնել մարմինը՝ հոգիով. սակայն, որպէսզի մեր հոգին կարենայ իր այդ պարտականութիւնը կատարել, զայն պէտք է զինենք ամուր հաւատքով, հաւատք՝ ուր կասկածամտութիւն եւ վախ չկայ, այլ՝ վստահութիւն եւ կառչածութիւն:

Շատեր այն թիւր կարծիքը ունին, որ մարմինը զրկելով սննդարար ուտելիքներէ՝ թէ՛ մարմինը վնաս կը կրէ եւ թէ՛ հոգին: Բժշկագիտական առումով կրնայ ըլլալ այս միտքը ճիշդ ըլլալ, չնայած բժշկութիւնն ալ շատ յաճախ, չըսելու համար միշտ, կը թելարդէ չափաւոր կերպով սնուիլ, որպէսզի մարմինը պահէ իր առողջութիւնը: Մարմինի առողջութիւնը ֆիզիքական սնունդէն աւելի, կախում ունի մարդու հոգիի սնունդէն, քանի որ երբ մարդու հոգին առողջ է, զօրաւոր է, պէտք եղած սնունդը՝ հաւատքը, սէրը, յոյսը ստացած է, ապա մարդ իր առօրեան կրնայ ճիշդ կերպով դասաւորել, իր ուտելու չափն ու ժամանակը կը գիտնայ, որով ամէն բան իր տեղն ու դերը կ՚ունենայ տուեալ մարդու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, նման պատճառաբանութիւնները կամ արդարացումները առաւելաբար ո՛չ թէ դրական միտում ունին իրենց ետին, այլ այդ պատճառաբանութիւն կամ արդարացումը տուած տուեալ անձին կամ անձերուն կամքի տկարութիւնն է, որ կը փաստեն: Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնանք, որ ֆիզիքական սնունդի պահքը ճշմարիտ պահքի շուքն է պարզապէս, որ իմաստ եւ արդիւնք չ՚ունենար, եթէ իրենց ընկերակից չունենայ ճշմարիտ պահեցողութիւնը, այլ խօսքով՝ հոգիի պահեցողութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023