Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութեան առարկայ դարձնել Արցախը։ Կը հաղորդուի, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։
Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ կաթողիկոսներուն այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն եւ անոնք այս առթիւ իրենց զօրակցութիւնը պիտի արտայայտեն Պաշտպանութեան բանակին եւ Արցախի ժողովուրդին։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016