ՀԱՐՍՏԱՑԱԾ ՀՈԳԻՈՎ

Մեծ պահոց 39-րդ օրն է:

Ընդամէնը մէկ օր եւ Քառասնորդաց պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին: Ճանապարհորդութիւն, որ շատերու համար կորուստի պատճառ դարձաւ, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ փրկութեան, ուրախութեան եւ հարստացումի:

Արդարեւ, անոնք որոնք անտարբերութեամբ, ի միջի այլոց, պարտականութիւն մը կատարելու սիրոյն եւ կամ աշխարհիկ նպատակի մը համար պահք պահեցին, բնականաբար ատով իրենք զիրենք վնասեցին, որովհետեւ այդպիսի պահեցողութիւն մը ընդունելի չէ Աստուծոյ համար: Միւս կողմէ, անոնք որոնք պահեցողութեան առաջին օրէն լրջութեամբ, Աստուածվախութեամբ ու Աստուածհաճութեամբ եւ հոգեւոր նպատակներով պահք պահեցին, բնականաբար այդպիսները զօրացած եւ մանաւանդ՝ հոգիով հարստացած դուրս պիտի գան այդ ճանապարհորդութենէն:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն մին կ՚ըսէ. «Պահեցողութիւնն է հոգիին հարստութիւնը» (Հայր Պիմէն): Կարճ նախադասութիւն մը, որ սակայն իր մէջ կը պարունակէ խոր հոգեւոր հասկացողութիւն ու ըմբռնում: Անցնող օրերու ընթացքին յաճախ գրեցի, թէ պահեցողութիւնը ի՞նչ միջոցներով ու զէնքերով պէտք է կատարուի: Այդ միջոցներն ու զէնքերը հետեւեալներն էին.

ա) Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւն:

բ) Աղօթք:

գ) Զղջում:

դ) Հոգեւոր գրականութեան (Եկեղեցւոյ հայրերու) ընթերցանութիւն:

ե) Սուրբերու վարքի ընթերցանութիւն: Եւ այլն, եւ այլն:

Այս բոլորով հասկնալի կը դառնայ Հայր Պիմէնի ըսածը, որով հարուստ է այն հոգին, որ զինուած է Սուրբ Գիրքով, աղօթքով, ճշմարիտ ապաշխարութեամբ, զղջումով, հոգեւոր գրականութեամբ եւ սուրբերու ապրած կեանքին օրինակներով: Իսկ երբ մարդ այս բոլորը ունի, բնականաբար իր մէջ ունի նաեւ Աստուծոյ ներկայութիւնն ու զօրութիւնը, որով կրնայ դէմ դնել ամէն տեսակի դժուարութիւններու եւ դիւային ու սատանայական յարձակումներու:

Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն, ընդամէնը այսօր ու վաղը մնացած են աւարտելու համար Քառասնորդաց պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը, անցնելու համար շաբաթներու Շաբաթին՝ Աւագ Շաբաթի պահեցողութեան, եւ պէտք է լաւապէս պատրաստ ըլլանք ամէն տեսակի փորձութիւններու, որովհետեւ այս օրերուն սատանան իր գործակիցներուն հետ կատղած գազաններու նման կը շրջին մեր չորս կողմը, որպէսզի մեզ զրկեն մեր արժանի վարձքէն: Չթուլանանք, ըսելով թէ այսքանը անցանք, այս երկու օրը եւ ապա մէկ շաբաթն ալ կ՚անցնինք, որով ճիշդ այն ատեն է, որ չարը իր ամէն ուժով կը յարձակի ու կը կործանէ մեզ ցիրուցան ընելով ամբողջ այս ընթացքին հաւաքած մեր հարստութիւնը: Հետեւաբար, ամուր մնանք եւ պահենք մեր հոգիին հարստութիւնը, որ ոչինչով կարելի է փոխարինել:

Երեսունիններորդ օրուան մարտահրաւէր. զգաստ ըլլանք, որպէսզի հոգիով հարուստ մնանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022