ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ համայնավար բռնապետու թեան զոհ դարձած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Նահատակ հոգեւորականաց յուշապատին առջեւ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։ Տակաւին 2010 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ապրիլի 6-ը հռչակուած էր Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն հալածանքներու եւ աքսորի ենթարկուած ու նահատակուած հոգեւորականներու յիշատակութեան օր։

Երէկուան արարողութեան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն նահատակուած եկեղեցականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022