ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ուղեկցութեամբ, ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Քաղաքի Ասիական ափի ծայրամասայի մեր այս եկեղեցին միջոցէ մը ի վեր կ՚ենթարկուի վերանորոգութեան հիմնական աշխատանքի մը։ Նկատի ունենալով, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր կ՚ընթանան այդ աշխատանքները, Գարթալի թաղականները փափաքած էին պաշտօնապէս տեղակ պահել Նորին Սրբազնութիւնը այդ բոլորին շուրջ։ Ընդհանուր Փոխանորդը գոհունակութեամբ վերահասու դարձաւ, թէ ամէն ինչ գրեթէ ի կատար ածուած է ու եկեղեցին պատրաստ է՝ պաշտամունքի վերաբացուելու։ Այս զարգացումներուն լոյսին տակ թաղականները օծման եւ պաշտօնական վերաբացման հանդիսութեան համար հրաւիրեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ընդհանուր Փոխանորդը այս առթիւ շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը, որ ի կատար ածած էր ծանր աշխատանք մը։ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար տարուած աշխատանքը գնահատելու առընթեր Նորին Սրբազնութիւնը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ բոլոր անոնց մասին, որոնք սատար հանդիսացած էին թաղային խորհուրդին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ Գարլաթի Ս. Նշան եկեղեցին թէեւ կը գտնուի քաղաքի ծայրամասը, սակայն սրտամօտիկ ուխտավայր մըն է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Ուխտաւորները միշտ ջերմեռանդ մթնոլորտ մը գտած են Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշանի կամարներուն ներքեւ, հետեւաբար անոր վերանորոգութիւնը կարեւոր ձեռքբերում մը կը համարուի մեր հոգեւոր կեանքին տեսակէտէ։ Զրոյցի ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ, թէ Նաւակատիքի արարողութիւնը կատարուի յառաջիկայ ամսուան սկիզբին։
Թաղականները գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն՝ ստանալով նաեւ Ընդհանուր Փոխանորդին օրհնութիւնները։
Եկեղեցական
- 11/27/2024