ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերուն Անթիլիասի մէջ գումարեց ընդհանուր ժողով՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Կաթողիկոսարանի դահլիճին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցան միաբանական հաւաքի նիստերը։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ ալ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիլիկեան ուխտի վախճանեալ բոլոր միաբաններուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Միաբանական ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդէս եկաւ ծաւալուն պատգամով մը։

Միաբանական հաւաքի կարգադիր յանձնախումբը գլխաւորած էր Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքը նախատեսուած էր իրերայաջորդ եօթ նիստերով։ Առանձին զեկուցումներով ծաւալուեցան հիմնական առանցքներու շուրջ քննարկումները. ինչպէս՝ «Միաբանութիւն եւ առաքելութիւն», «Դպրեվանքի առաքելութեան վերարժեւորում», «Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական» եւ «Գործակցութիւն նուիրապետական աթոռներու հետ»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022