ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ «Դերձակեան» դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտները։ Ան այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը փոխանցեց արժանթինահայ երիտասարդներուն, նաեւ գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ արժանթինահայութիւնը աչքի կը զարնէ առանձնայատուկ կազմակերպուածութեամբ, հայկական կեանքի ու ազգային արժէքներու նախանձախնդիր պահպանմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դպրոցներու հոգաբարձուներուն, տնօրէնութիւններուն եւ մանկավարժներուն նկատմամբ, որոնք ջանքեր կը գործադրեն աշակերտները հպայեցի կրթելու եւ դաստիարակելու համար։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը աւարտական դասարաններու սաներուն յորդորեց՝ Հայաստանով խանդավառուած ու ոգեւորուած լծուիլ արժանթինահայ համայնքի առաւել զօրացման գործին, իրենց ամուր հաւատքով յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները եւ պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023