ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համագումարը այսօր կ՚եզրափակուի Քառլսռուէի մէջ, Գերմանիա։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները վերջին օրերուն աշխոյժ մասնակցութիւն բերին այս համաժողովին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան անդամներէն Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան ԵՀԽ-ի համաժողովին ժամանակ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին էքիւմենիք ներկայացուցիչներու առջեւ ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։ «Ինչո՞ւ կը մոռնանք, թէ այժմ Հայաստանի մէջ ի՛նչ կը կատարուի. ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու գիւղ կը բռնագրաւուի», ըսաւ ան՝ համաքրիստոնէական այս հարթակին վրայ։

Մինչ այդ, Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Քառլսռուէի համաժողովին ընտրուած է ԵՀԽ-ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները։ Ան անցեալի մէջ ալ եղած էր ԵՀԽ-ի կեդրոնական եւ գործադիր վարչութիւններու ատենապետը։

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան համաժողովի ընթացքին ընդգծեց, որ անկարելի է անտեսել հայ ժողովուրդի դէմ առկայ վայրագութիւնները։ «Եթէ չեմ սխալիր, մէկը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այսքան շատ կը խօսինք ուքրայնացիներու մասին, որովհետեւ Ուքրայնան Եւրոպա՞ է։ Նկատի ունիմ՝ եթէ որեւէ բան կը պատահի Ափրիկէի կամ Ասիոյ մէջ, կը նշանակէ, որ պէտք չէ՞ միջամտենք, կամ երբ որեւէ բան կը պատահի Ամերիկայի մէջ՝ չե՞նք պատրաստուիր միջամտելու։ Եթէ անարդարութիւն տեղի կ՚ունենայ, մեր բարոյական պարտականութիւնն է արձագանգելը։ Ինչո՞ւ կը մոռնանք, թէ ի՛նչ եղաւ Եմէնի կամ Եթովպիոյ մէջ։ Ինչո՞ւ կը մոռնանք, թէ այժմ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու գիւղ կը բռնագրաւուի։ Ի՞նչ եղաւ 110-118 ռազմագերիներու ճակատագիրը վերջին երկու տարիներուն», յայտնեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի որեւէ կառավարութիւն, որ ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան վրայ, որպէսզի այդ երիտասարդները ազատ արձակուին։ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան ապա հարց տուաւ. «Ո՞ւր էինք մենք, երբ շուրջ 5 հազար երիտասարդ սպաննուեցաւ։ Պարզապէս կ՚եզրայանգինք, թէ կը դատապարտենք։ Եւ ի՞նչ, յետոյ ի՞նչ…»։ Ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ ան շեշտեց, որ ԵՀԽ պէտք է ըլլայ բարոյական կազմակերպութիւն մը եւ հոգ պէտք է տանի իւրաքանչիւր ազգի, իւրաքանչիւր փոքրամասնութեան, իւրաքանչիւր մարդու, որ կը տառապի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022