ՔՐԱՔՈՎԻ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեհաստանէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրութեան 655-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Քրաքովի մէջ։ Տեղւոյն Վաւելի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին ներկայ գտնուեցաւ Քրաքովի Մարեք Ետրաշեւսքի մետրապոլիտը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լեհաստանի առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւս մասնակցութիւն բերին տօնակատարութիւններուն։ «Լեհաստանի մէջ հայերու ներկայութիւնը գրեթէ 800 տարուան երկար պատմութիւն մը ունի։ Հայերը լեհ ժողովուրդին կողմէ ողջունուեցան եւ ընդելուզուեցան հասարակութեան հետ՝ նպաստելով երկրի տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կեանքին։ Մենք այժմ կ՚աղօթենք, որ անոնք ինչպէս անցեալին, այսօր ալ պահպանեն իրենց ինքնութիւնը միանալով լեհ հասարակութեան, միեւնոյն ժամանակ՝ նպաստելով այս պատմական, բայց նաեւ արդի եւրոպական երկրի ընկերային ու տնտեսական կեանքին։ Այս արարողութեան ընթացքին մենք կ՚աղօթենք Լեհաստանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար», ըսաւ արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Իր կարգին, Քրաքովի մետրապոլիտն ալ յայտնեց, որ Քազիմիր Մեծ թագաւորի իշխանութեան ժամանակներուն կը հասնի հայերու ներկայութիւնը Լեհաստանի մէջ։ Ան հանդիպած էր հայերուն եւ անոնց եկեղեցիին։ Ողջունելով զանոնք՝ իշխանութիւնը հնարաւորութիւն տուած էր զարգացնել իրենց ինքնութիւնը, զանազան արտօնութիւններ շնորհած էր ու ճանչցած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնը։ «Ժամանակի ընթացքին հայկական համայնքները կրցած են ազատօրէն զարգանալ, ունենալ իրենց ինքնակառավարումը եւ կը կառավարուէին սովորութեան իրաւունքով։ Հայերը ներկայ էին Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ եւ աչքի կը զարնէին արեւելեան լեզուներու իմացութեամբ։ Անոնց շնորհիւ լեհերը ինքզինքնին այլ կերպ հասկցան ու ներկայացան այլ ազգերու եւ արեւելեան բազմաթիւ տարրեր արմատաւորուեցան Լեհաստանի մշակոյթին մէջ», ըսաւ մետրապոլիտը եւ վերյիշեց այն հայերը, որոնք լեհական մշակոյթի բացառիկ դէմքերու շարքին կը դասուին. օրինակ՝ Զամոշցի Սիմէոն, Ստեփանոս Ռոզկայ, Եոզէֆ Պարթլոմիէյ եւ Շիմոն Զիմորովիչ եղբայրներ եւ այլք։

Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեանն ալ շեշտեց, որ աղօթքի լեզուն մէկ է եւ աստուածային սիրոյ նոյն ակունքէն բխած արժէքներով կերտուած են հայ եւ լեհ քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակոյթները, որոնք որքան ալ տարբեր ըլլան, այնուամենայնիւ, հասկնալի ու հարազատ են իրարու համար։

Այս արարողութեան մասնակցութիւն բերին Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ երկրի ղեկավարութենէն այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ Զապժէի քաղաքի պատուոյ հիւպատոս Հրաչեայ Պոյաճեան։

Արարողութիւններէն վերջ ծաղկեպսակներ ալ զետեղուեցան Քազիմիր Մեծ թագաւորի շիրիմին։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023