ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գա­հի­րէի մէջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հե­լէ վերջ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը վե­րա­դար­ձաւ Ան­թի­լիաս։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան Գա­հի­րէի մէջ եղ­բայ­րա­կան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ւատ­րոս Բ. Պատ­րիար­քին հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­րիար­քու­թեան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու մետ­րա­պո­լիտ Ան­պա Պի­շոյ։

Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ մթնո­լոր­տի մէջ։ Ա­րամ Ա. եւ Թա­ւատ­րոս Բ. քննար­կե­ցին Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ զօ­րակ­ցու­թեան լայն կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու մի­ջոց­նե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք կա­տա­րե­ցին նաեւ ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րու­մը՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ժո­ղո­վին եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

Հարկ է նշել, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր հա­մա­ժո­ղո­վը նա­խա­տե­սուած է յա­ջորդ տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րին, Յոր­դա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ամ­մա­նի մէջ։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015