ԳՀԽ-Ի ԱՒԱՐՏԻՆ ԶԵԿՈՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Նիւ Եորքի մէջ, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ալ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ժողովի բացման Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւններն ու պատգամը փոխանցեց ԳՀԽ-ի ժողովական հայրերուն եւ աշխարհական անդամներուն։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց գրեթէ նոյն օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած ԳՀԽ-ի, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն ու կեդրոնական վարչութիւններու դիւաններու անդամներուն եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան միացեալ ժողովին առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ ԳՀԽ-ի անդամներուն տեսակէտէ միացեալ ժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ մարտահրաւէրներուն տեղւոյն վրայ հաղորդ դառնալու առումով։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին եւ թեմի բոլոր սպասաւորներուն՝ ժողովներու օրերուն ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւնը մաղթեց ԳՀԽ-ի ժողովի աշխատանքներուն՝ ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ առաքելութեան արդիւնաւորման։
Ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոնադրութեան նախագիծի մշակման ընթացքին վերաբերեալ հարցեր, Եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւետութեան բարձրացման ուղղեալ ծրագրեր, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու եւ եկեղեցական կառոյցներու գործունէութեան առընչուող խնդիրներ։ Նիստերուն ատենապետեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Մինչ օրակարգի նիւթերու քննարկումը ժողովականները տեղեկութիւն ստացան 6-9 Սեպտեմբեր թուականներուն ԳՀԽ-ի Արցախի մէջ գումարուած ժողովի որոշումներու կատարման ընթացքին շուրջ։
Ժողովականները «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ ու բարերար Ասօ Դաւիթեանէն տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ուղղեալ ծրագրի մը ընթացքին շուրջ։ ԳՀԽ-ի անդամները ծանօթացան նաեւ այդ ծրագրի բարեյաջող իրականացման համար ստեղծուած գործադիր եւ խորհրդատուական մարմիններու կազմին՝ բաղկացած հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներէ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ Սփիւռքէն։ Այս կապակցութեամբ ԳՀԽ-ի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ասօ Դաւիթեանի կատարած աշխատանքին համար՝ կարեւորելով եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղեալ ջանքերը։
Այնուհետեւ ԳՀԽ քննարկեց Ազգային-եկեղեցական ժողովի կանոնադրութեան նախագիծը, որ պատրաս-տըւած է Հայոց Եկեղեցւոյ ժողովական կառոյցներու կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբին կողմէ։ Նախագծին վերաբերեալ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուին յիշեալ յանձնախումբի ատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ անդամներէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանն ու իրաւաբան Փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան։ Նախագիծը յօդուած առ յօդուած քննելով՝ ԳՀԽ կատարեց իր դիտարկումները եւ թելադրեց անհրաժեշտ սրբագրութիւններէն վերջ նախագծի վերջնական տարբերակին պատրաստուիլը, ապա Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ դէպի թեմեր ուղարկուիլը։ Ժողովական հայրերը յանձնախումբին կատարած մանրակրկիտ աշխատանքին համար յայտնեցին իրենց գնահատանքը։
Նստաշրջանի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան խնդիրը։ Այս առընչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ նախագծային փուլը աւարտած է եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ քայլեր կ՚առնուին շինարարական աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու հայթայթման նպատակով։ Ժողովական հայրերը գոհունակութեամբ հետեւեցան Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքին շուրջ փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ վստահութիւն յայտնեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակները աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցի պահպանութեան գործին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ զեկոյց մը ներկայացուց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Ֆրանսայի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, որ կ՚անդամակցի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի գիտական աստիճաններու շնորհման յանձնախումբին։ Ան ներկայացուց այն քայլերը, որոնք վերջին տարիներուն կ՚իրականացուին հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններէ ներս ուսումնառութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ։ Ուրախութեամբ արձանագրուեցաւ, որ ամիս մը առաջ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի կարգավիճակը բարձրացած է եւ աստուածաբանութեան ոլորտէ ներս գիտական աստիճաններ շնորհելու իրաւունքին տիրացած է ան։ Սա պիտի նպաստէ եկեղեցականութեան պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման։ Խօսուեցաւ նաեւ քոյր եկեղեցիներու եւ աշխարհի զանազան երկիրներու համալսարաններէն ներս իրենց բարձրագոյն կրթութիւնները շարունակող հոգեւորականութեան մասին։ Ժողովական հայրերը գոհունակութիւն յայտնեցին կրթական ոլորտէ ներս արձանագրուած յաջողութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ երախտագիտութիւն յայտնեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ հոգեւորականաց ապագայ սերունդի գիտական եւ հովուական պատրաստութեան նկատմամբ ընծայուած մեծ կարեւորութեան համար։ ԳՀԽ գնահատանքով արձանագրեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներու եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը։ Ժողովական հայրերը մաղթեցին պտղաբերում ազգօգուտ բազմապիսի ծրագրերուն եւ համատեղ ձեռնարկներուն համար։ Նստաշրջանը ամփոփուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։