ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ ՄԵԿՆԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ուրուկուայէն մեկնած խումբ մը ուխտաւորներ։ Հանդիպման սկիզբին, յանուն ուխտաւորներուն շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Արաքս» ռատիօկայանի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ուրուկուայ կատարած հովուապետական այցելութիւններուն, որոնց ժամանակ ականատես եղած է տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր յառաջընթացին եւ հայապահպանութեան ուղղեալ նախանձախնդիր եւ ջերմեռանդ գործունէութեան։ Ան նշեց, որ այդ գործին կը նպաստեն նաեւ համայնքէ ներս գործող հայկական դպրոցը, ձայնասփիւռի կայանը եւ ազգային միւս կառոյցները։

Ընդունելութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ուրուկուայի հայ համայնքի առկայ խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն մաղթեց, որ ուխտագնացութիւնը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին լաւագոյնս արդիւնաւորուի ուրուկուայահայութեան կեանքէն ներս՝ նպաստելով համայնքի հայաշունչ ոգիի զօրացման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018