ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան յատկանշական իրադարձութիւններ։ Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձը թէեւ հերթական էր, սակայն այս տարի նշուեցաւ բացառիկ հանդիսութիւններով, որոնց նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Տ. Մանուկ Աւ. Քահանայ Մարգարեան եւ Տ. Խաժակ Քահանայ Շահպազեան։ Տարեդարձի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս մեկնած էր այս առթիւ։

Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբը, որ կը նշէր հիմնադրութեան 144-րդ տարեդարձը, երգեցողութիւնները կատարեց՝ գլխաւորութեամբ դպրապետ Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։

Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան քարոզէն առաջ խորան բարձրանալով ողջունեց պատարագիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի վախճանեալ բոլոր երախտաւորները, ինչպէս նաեւ վերյիշուեցան Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան, Տ. Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեան, Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Գազանճեան եւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Պըրպենքի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան տարեդարձի առթիւ մասնաւորապէս հիւրընկալեց Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները՝ ներկայութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն նուիրումին մասին։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը՝ շնորհաւորելով երգչախումբին տարեդարձը։ Յակոբ Սրկ. Ծերունեանն ալ արտայայտուեցաւ յանուն երգչախումբի անդամներուն։

Հարկ է նշել, որ Լոս Անճելըսէն վերջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքօ։ Յառաջիկայ կիրակի ան պիտի պատարագէ Փրովիտընսի մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022