ԼԻԷԺԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏԵՂՒՈՅՆ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Պելժիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ տեղւոյն Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին։ Հայր սուրբին ընկերացաւ ծխական խորհուրդէն Կենճիկ Պետրոսեան։ Օրուան պատարագիչն էր Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի եւ Պելժիոյ առաջնորդ Տ. Ճորճ Արք. Խուրի։ Այս վերջնոյն հայր սուրբը փոխանցեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եղբայրական ողջոյնները։ Արարողութիւններուն ընթացքին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եղբայրաբար շնորհաւորեց նաեւ Ասորի եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ հայր Ֆիքրի Կապրիէլը եւ անոր ձեռնադրութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ նուիրեց հայկական խաչ մը։ Արարողութիւններուն ներկայ էր նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Լիէժի առաջնորդը՝ եպիսկոպոս Ժան-Փիէռ տը Լուրի։

Կրօնական արարողութիւններուն յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին ժամանակ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022