ԴՐԱՄԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ դրամական աջակցութեան ծրագիր յառաջ տանիլ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համար։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կ՚իրականացնէ դրամական աջակցութեան ծրագիր՝ 19 սեպտեմբեր 2023 թուականին, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով բռնի տեղահանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած արցախցի այն ընտանիքներուն, որոնք ունին չորս եւ աւելի անչափահաս երեխայ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ նպաստընկալ դառնալու համար պէտք է դիմել՝ բնակութիւն հաստատուած շրջանի թեմի առաջնորդարանը։ Դիմումները պիտի ընդունուին մինչեւ դեկտեմբերի 20-ը։ Դիմողները պէտք է ներկայացնեն իրենց ծնողներու անձնագրերու պատճէնները, ամուսնութեան վկայականի պատճէնը, երեխաներու ծննդեան վկայականներու պատճէնները եւ տեղեկանք՝ ընտանիքի անդամներու թիւի, բնակութեան վայրի, հնարաւորութեան պարագային՝ նաեւ Հայաստան տեղափոխուելու թուականին վերաբերեալ։ Նպաստընկալներուն համար նախատեսուած գումարը կը փոխանցուի իւրաքանչիւրի դրամատան հաշուեհամարին: