ԵՐԿՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԵՐԿՐԱՆՔԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին մեծ շուքով ու ցնծութեամբ տօնա-խըմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Տարուան առաջին մեծ տօնին համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր արարողութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հայութեան հոգեւոր միասնականութեան խորհրդանշանն ու երաշխաւորը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ երկնաւորներու բերկրանքով իր աշխարհացրիւ հօտին փոխանցեց Ս. Ծննդեան մեծ աւետիսը։
Տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագի առթիւ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն տօնական աւետիսով ղօղանջեցին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգերը։ Հայրապետական ծանրաշուք թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար։ Հայրեպատական լրիւ հանդերձանքի մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւորապէս առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր կը տիրէր հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտ։ Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Բացի Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայացուցիչներէն, ներկայ էին Հայաստանի մէջ պաշտօնավարող օտարերկրեայ դիւանագէտներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, սփիւռքէն հիւրեր, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, միաբաններ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը, որ նոյնութեամբ ներկայացուած է յարակից սիւնակին մէջ։ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով՝ Վեհափառ Հայրապետը մեծ տօնին առթիւ օրհնութիւնները փոխանցեց իր աշխարհասփիւռ հօտին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, նոյնպէս Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք՝ ի նշանաւորումն Տէր Յիսուսի մկրտութեան։ Այս տարի ջրօրհնէքի արարողութեան խաչի կնքահայրն էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը հաւաքոյթի մասնակիցներուն վերստին ուղարկեց իր բարեմաղթանքները Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յուսառատ տօնին առթիւ։