ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»։

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի հրաշազարդ այս օրը մեր հոգիի հայեացքները բեթղեհէմեան աստղալոյսով կ՚ուղղուին դէպի մսուրը, ուր ծնաւ Աստուծոյ Միածին Որդին եւ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար։ Այսօր համախմբուած եկեղեցիներու մէջ՝ կ՚օրհնաբանենք նորածին Փրկիչը, կը փառաւորենք երկնաւոր Արքան՝ ըսելով. «Փառք հրաշափառ ծննդեան Քո, Տէր»։

Ի լրումն ժամանակի Քրիստոս մուտք գործեց աշխարհ։ Փրկչի Սուրբ Ծնունդով մենք մեզի հանդէպ աստուածային մեծագոյն սիրոյ եւ խնամքի խորհուրդը կը տեսնենք։ Փրկչի ծնունդով Աստուած մարմին զգեցաւ, ըլլալով անսահման՝ կամաւորապէս յանձն առաւ սահմանաւորութիւնը, անչարչարելին խոնարհութեամբ ստանձնեց չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որպէսզի մարդիկ արժանանան փրկութեան շնորհին, դառնան Աստուծոյ որդեգիր զաւակները եւ ժառանգեն երկնքի արքայութիւնը։ Աստուածորդին մարդացաւ, ապրեցաւ ու գործեց մարդկանց մէջ՝ վկայելով, թէ Աստուած իրենց երկնաւոր Հայրն է, որ մարդկութեան հանդէպ Իր սէրը, խնամքն ու հոգատարութիւնը կ՚արտայայտէ աներեւակայելի զոհողութեամբ, ինչպէս կը հաստատէ Յիսուսի սիրելի աշակերտ Յովհաննէս. «Աստուած աշխարհը այնքան սիրեց, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ, չկորչի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. Գ 16)։

Սիրելիներ, Աստուծոյ հակառակ ընթացքները, սակայն, կը շարունակեն ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգերով ու մտահոգութիւններով։ Գիտական ու փորձագիտական հսկայական յառաջընթացով հանդերձ՝ մարդկութիւնը կ՚երերայ բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ։ Տնտեսական աննախընթաց զարգացումներու մեր դարուն միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին կը գտնուին սովի ու աղքատութեան մէջ։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան այս ժամանակաշրջանին կը խախտուին ժողովուրդներու եւ մարդոց իրաւունքները։ Երկխօսութիւններու մեր օրերուն բազում մարդիկ կը դառնան զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, կ՚ենթարկուին զանազան բռնութիւններու։ Յանուն խաղաղութեան պայքարի այս ժամանակներուն բիւրաւոր մարդիկ կեանքի գին կը վճարեն զէնքի գործադրման եւ սպառազինութեան մրցավազքին։ Հասարակութիւններու եւ ընտանիքներու համար չարիք կը դառնան թմրադեղերու տարածումը, ալքոլի չարաշահումը եւ այլ մոլուցքներ, որոնց տարուելով մարդիկ անկարող կը դառնան սեփական կեանքը կազմակերպելու, իսկ ոմանք ծայրայեղ յուսահատութեան մէջ կը դիմեն ինքնասպանութեան։

Աշխարհի խաղաղ ընթացքը խաթարող փորձութիւնները կը յուզեն նաեւ մեր երկրի ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդի կեանքը։ Հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդը շրջափակման մէջ եւ անկայուն խաղաղութեան պայմաններու ներքեւ կը մաքառի բարօրութիւն կերտելու եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ իր զաւակներու կեանքի թանկ գնով ապահովելով մեր երկրի անվտանգութիւնը։ Մեր ժողովուրդի աննկուն կամքով ու նուիրումով արձանագրած ձեռքբերումներով հանդերձ մեր երկրի առջեւ տակաւին ծառացած են գործազրկութեան, աղքատութեան խնդիրները, շարունակական ջանքեր կը պահանջուին ամրապնդելու համար վստահութիւնը վաղուայ օրուայ հանդէպ, հաւատը՝ արդարութեան նկատմամբ, յաղթահարելու ընկերային, տնտեսական եւ հայրենական ու ազգային կեանքի մէջ առկայ այլ մարտահրաւէրները։

Սիրելիներ, աղքատիկ մսուրին մէջ, նեղութիւններու մէջ ծնաւ մեր Տէրը, որպէսզի, մենք Անոր ապաւինութեամբ նեղութիւններն ու դժուարութիւնները յաղթահարենք։ Մեծահարուստ մոգերու կողմէ պատուուեցաւ, որպէսզի ունեւորները իրենց ունեցուածքը ծառայեցնեն բարի ու աստուածահաճոյ գործերու։ Հովիւները երկրպագեցին իրեն, որպէսզի բոլոր մարդիկ պարզասրտութեամբ Տիրոջ առջեւ խոնարհուին եւ արժանի դառնան Անոր բերած շնորհներուն։ Քրիստոսի մարդեղութեամբ վկայուած Աստուծոյ մշտական հոգատարութիւնը մեզի հանդէպ կը վայելենք, երբ մեր հաւատքը կեանք է ու գործ, երբ Փրկչի Սուրբ Ծնունդը չի դառնար միայն պատմութիւն ու յիշատակութիւն, միայն տօնախմբութիւն կամ խրախճանք, այլ՝ ապրում, ներշնչանք, մեծագոյն խորհուրդ։ Այս ընկալումով Սուրբ Ծննդեան տօնակատարումը, մեր աղօթնքներն ու հայցը շնորհներու անսպառ աղբիւր կը բանան մեր առջեւ, կը բերեն բերկրանքը երկնաւորներու հետ առ Աստուած փառաբանութեան, կեանքը կը լեցնեն աստուածային ներկայութեամբ, ընտանիքները՝ երկնային սիրով ու շնորհներով, աշխարհն ու մարդկութիւնը՝ հրեշտակներու աւետած խաղաղութեամբ ու հաճութեամբ։

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, Աստուծոյ երկնառաք պարգեւներով լեցուն այս օրը Հայրապետիս մաղթանքն ու պատգամն է, որ Քրիստոսի Ծննդեամբ սկսած նոր արարչութեան մէջ ըլլանք մեղքերէ թօթափուած նոր արարածներ։ Մանուկ Յիսուսը ընդունելով մեր սրտերուն մէջ՝ ամուր պահենք մեր հաւատքը, բարեպաշտ ընթացքը, որպէսզի միշտ կարողանանք վայելել Աստուծոյ հոգածութիւնն ու անսահման սէրը։ Քրիստոսի պատուիրաններուն իմացութիւնն ու կատարումը, սրտի մաքրութիւնը, հոգիի խոնարհութիւնը, եղբայրսիրութիւնն ու ողորմութիւնը այն կարեւոր ընծաներն են, որոնք այսօր Աստուած ուրախութեամբ պիտի ընդունի մոգերու բերած ոսկիի, կնդրուկի եւ զմուռսի փոխարէն՝ որպէս հաճելի նուէրներ մանուկ Յիսուսին։ Այս ոգիով ու հաւատով է նաեւ, որ իրապէս օգտակարութիւն կը բերենք հայրենի մեր երկրին, կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, կը կարողանանք անվեհեր պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, զօրացնել Քրիստոսապաշտ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը ու նպաստել ազգային մեր իղձերու իրականացման, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու յաղթանակին։

Այս մաղթանքով Մենք ողջոյն կը յղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պոլսահայոց Պատրիարքական տեղապահ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն։ Սուրբ Ծննդեան բերկրալի աւետիսով Մեր ողջոյնը կը բերենք քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք ու մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Սրբազան Պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին, Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ, ողջոյն կը յղենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Հայրապետական Մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները՝ համայն հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։

Կ՚աղօթենք առ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ Իր հրաշափառ Ծննդեան շնորհները սփռուին ողջ աշխարհի մէջ, ժողովուրդները ընթանան խաղաղութեան ու համերաշխութեան Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն պատգամի համաձայն եւ անվրդով խաղաղութիւն տիրէ մեր հայրենինքին մէջ, շինութիւն, բարօրութիւն՝ աշխարհասփիւռ ազգիս կեանքին մէջ։ Թող մեր հայրենանուէր եւ ազգանուէր գործերու բարի արդիւնքներով հզօրանայ մեր հայրենիքը, պայծառ մնայ մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ մենք արժանի ըլլանք Տիրոջ կողմէ մեզի տրուած փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի պարգեւին՝ այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018