ԱՆԵՐԵՐ ՀԱՒԱՏՔՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս տարեմուտին եւս Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց իր աշխարհասփիւռ հօտին։ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւնները բնորոշուեցան մեծ շուքով ու վերանորոգ հրճուանքով։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները աներեր հաւատքով զիրար ողջունեցին՝ ամրապնդուելով այն գիտակցութեան մէջ, թէ մկրտուած են նոյն Սրբալոյս միւռոնով ու նոյն աւազանէն եւ տաղաւարին անգամ մը եւս համակուելով համազգային միասնականութեան ոգիով եւ Բեթղեհէմի Սուրբ Այրէն ճառագած փրկութեան լոյսի խորհուրդով։
Այս տարի եւս բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագին վրայ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Ծնունդի օրը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի երդիքին տակ։ Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագն ու յաջորդած մեծահանդէս Ջրօրհնէքը մագնիսացուցին աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը։ Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս հպարտացաւ իր Եկեղեցիով՝ անդրադառնալով, որ անով մարմնաւորուած ժառանգութիւնը կը պայմանաւորէ ժամանակներու մէջ իր երթը եւ կ՚երաշխաւորէ դարերու հոլովոյթի ոդիսականին յարատեւութիւնը։ Տաղաւարի խորախորհուրդ մթնոլորտին մէջ համայն հայութիւնը հաղորդ դարձաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, որ թարգման կը հանդիսանար հայ իրականութեան այժմու բոլոր մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, նաեւ կ՚ուրուագծէր միասնաբար պայքարելով խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու հորիզոնը։
Տաղաւարի առաւօտեան Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգակները ղօղանջեցին՝ փոխանցելով Սուրբ Ծնունդի աւետիսը։ Հայրապետական խաչվառազարդ ծանրաշուք թափօրը «Խորհուրդ խորին» շարականի հանդիսաւոր երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Տրդատի մատուռէն առաջնորդեց դէպի Սուրբ Խորան։ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներուն առատօրէն բաշխեց իր օրհնութիւնները՝ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։ Մայր տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնը իսկապէս հիասքանչ կատարեց՝ բոլոր հաւատացեալներուն պարգեւելով խոկումի պահեր. երգչախումբի կատարումները կարծես հոգեւոր ուղեւորութեան մը առաջնորդած ըլլային հաւատացեալները՝ Հայրապետական Ս. Պատարագի աննկարագրելիօրէն պատկառելի ու պատկառազդու մթնոլորտին մէջ։
Յընթացս Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով ողջունեց բոլոր հայութիւնը, որուն տուաւ իր պատգամը։
Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնը հեղեց՝ խորանին վրայ զետեղուած ջուրի մեծ կաթսաներուն մէջ եւ խաչով կատարեց օրհնութեան կարգը։ Այս տարուան կնքահայրն էր Մոսկուայէն բժիշկ, ակադեմիկոս Արամայիս Քամալով, որու ընտանիքի արմատները կը հասնին դէպի Շուշի։ Ջրօրհնէքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Ծնունդի փրկարար աւետիսը վերստին փոխանցելով արձակեց հաւատացեալները, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին հսկայ եկեղեցին։ Ինչպէս մուտքի, այնպէս ալ ելքի թափօրին ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հաւատացեալներուն կողմէ, որոնք իրարու հետ կը մրցէին իր օրհնութիւնը ստանալու, իրենց գլխին վրայ անոր սուրբ եւ օծեալ Աջը զգալու համար։