ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Հիմա լոյս էք ի Տէր. ընթացէք ինչպէս լուսոյ որդիներ. քանզի լուսոյ պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ. 5.8-9)։
Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,
Այսօր՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, ազգս հայոց, թէեւ վշտակիր եւ հոգեխռով, սակայն հաւատքով աներեր, կամքով անկոտրում եւ յոյսով առլեցուն, կը խոնարհի մանկացեալ Փրկչի առջեւ, որ Բեթղեհէմի այրէն որպէս լոյս ու փրկութիւն ճառագեց ողջ աշխարհին։ Գեղեցիկ օրհներգութեամբ հոգեպարար շարականը մեզ կը փոխանցէ Սուրբ Ծննդեան հիասքանչ իրողութիւնը. «Աստուածածին, լոյսի խորան, արդարութեան Արեգակի արեւելք եղար եւ խաւարի մէջ նստածներուս լոյս ծագեցուցիր»։ Փրկչի Ծնունդը հրաւէր է խաւարէն դէպի լոյս, դէպի Աստուած ընթանալու եւ միշտ Տիրոջ հետ ըլլալով՝ արժանի դառնալու երկնատուր բարիքներու եւ յաւիտենութեան։ Մարդեղացեալ Աստուածորդին մերժելը, սակայն, արհաւիրքներ կը բերէ, չարիք եւ աւեր կը սփռէ։ Սուրբ Ծնունդը այսօր քրիստոնեայ ողջ աշխարհը կը տօնէ աղօթքով ու հայցով, որպէսզի մարդկութեան կեանքը լեցուի Քրիստոսով նորոգութեամբ եւ ազգեր ու պետութիւններ կարողանան գտնել խաղաղութեան ու համերաշխ համակեցութեան ուղիները տագնապներով ու հակամարտութիւններով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ։
Մեր ժողովուրդը 21-րդ դարուն վերստին կրեց կորուստներ, ենթարկուեցաւ նոր փորձութիւններու, որոնք, ցաւօք, անկարող եղանք յաղթահարելու աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ առաքելապատուէր բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհէն խոտորուելու պատճառով։ Բարութիւնը մեր մէջ աղճատուեցաւ չարութեան ու նենգութեան որոմներով, արդարութիւնը այլափոխուեցաւ կողմնակալութեան ու հաշուեյարդարի դրսեւորումներով, ճշմարտութիւնը խեղուեցաւ ու խաթարուեցաւ սուտով ու չարահնար գործողութիւններով։ Նման արատները նաեւ պատճառ դարձան մեր ազգի մասնատման, ուժերու ջլատման ու պարտութիւններու, նաեւ կորուստներու մեր սրբութիւններու եւ արժանապատուութեան։ Այսպէս Արցախը միայնակ մնաց զինքը պատած արհաւիրքներու օրերուն։ Արցախցի հայորդիք եղան հալածական հայրենի բնօրրանէն, աստանդական եւ անօթեւան։ Բայց Տէրը, Ով Իր Ծննդեամբ փրկութիւն ու լոյս բերաւ խաւարի մէջ, ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ հետ՝ ամէն նեղութիւն կը վերափոխուի յաղթութեան, ամէն տառապանք՝ աստուածային հատուցման, ամէն դժուարութիւն՝ ուժի եւ զօրութեան, եւ նոյնիսկ մահը՝ յաւիտենութեան։ Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մէկտեղենք մեր ջանքերը փորձութիւնները յաղթահարելու համար եւ աւետարանիչի խօսքերու ճշմարտութիւնը ցոլացնենք մեր կեանքի մէջ. «Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորուի եւ խաւարը զայն չնուաճեց» (Յովհ. 1.5)։
Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին Հայրապետիս պատգամն է, որ մեր սրտերը չդարձնենք յուսահատութեան, տրտմութեան մութ ու ցուրտ անձաւներ, այլ Քրիստոսի ներկայութեամբ լուսաւորուած մսուրներ, ուր մանուկ Յիսուսին աստուածահաճոյ գործեր ընծայելու մղումն ու ձգտումը կը թագաւորեն։ Արդ, ապաւինինք մարդեղացեալ Տիրոջ, ամուր մնանք հաւատքի մէջ, ամէնուր ըլլանք բարիի, սիրոյ եւ ճշմարիտի առաջամարտիկներ՝ յանուն արդար ու լուսաւոր մեր կեանքի։ Նախանձախնդիր ըլլանք հայրենի պետութեան հզօրացման եւ համախմբուինք միասին՝ մեր ողջ ներուժով կասեցնելու համար Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումներն ու ոտնձգութիւնները։ Վերացնենք արհեստականօրէն մեր մէջ ստեղծուած անջրպետները, ապրինք իրարու հանդէպ սիրով, որպէսզի երկնային օրհնութեամբ պայծառանան հայրենական ու ազգային մեր անդաստանները, ինչպէս Աւետարանին մէջ կ՚ըսուի. «Խաւարի մէջ նստած ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ. եւ լոյս ծագեցաւ անոնց վրայ, որոնք կը նստէին մահուան երկրի եւ ստուերներու մէջ» (Մատթ. 4.16)։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յուսաբեր խորհուրդով քաջալեր՝ Հայրապետական մեր յորդորը կը բերենք Արցախէն տեղահանուած մեր զաւակներուն։ Սիրելիներ, դուք անօրինակ հերոսական եւ անընկճելի ոգիով, ամենայն արժանապատուութեամբ եւ անտրտունջ յաղթահարած էք ու կը յաղթահարէք ձեզ պատուհասած նեղութիւնները։ Մեզի համար երբեք անցեալ պիտի չդառնայ Արցախը, զոր մենք պիտի շարունակենք փայփայել մեր սրտին եւ հոգիին մէջ՝ ամենայն ջանք ի գործ դնելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Մնացէք յոյսով լի՝ Աստուած ձեզ բարիքներ եւ օրհնութիւններ պիտի պարգեւէ ձեր կրած զրկանքներուն փոխարէն։ Ձեր դժուարութիւններու մէջ դուք առանձին չէք։ Ձեզի հետ են ի հայրենիս եւ ի սփիւռս հաւատաւոր ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք պիտի շարունակեն բոլոր հնարաւոր միջոցներով սատար ու օգնական ըլլալ ձեզի։ Միասին մենք դուրս պիտի գանք առկայ ծանր իրավիճակէն եւ պիտի կառուցենք խաղաղ, բարօր ու ապահով ապագան մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի։ Կը հաւատանք մեր նոր կեանքի արշալոյսին, քանզի խաւարը չի կրնար արգելք ըլլալ արեւածագին։ Առաւօտուայ լոյսի հետ, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հայցին համաձայն, մեր հոգիներուն մէջ պիտի պայծառանայ Աստուծոյ իմանալի լոյսը եւ ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ մարգարէի շուրթերով. «Արագ պիտի մօտենայ Իմ արդարութիւնը եւ Իմ փրկութիւնը պիտի ելլէ ինչպէս լոյս» (Եսայի 51.5)։
Այս յուսառատութեամբ ու հաւատով, Սուրբ Ծննդեան աւետիսով եղբայրական մեր ողջոյնը կը բերենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն՝ հայցելով Փրկչի օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը եւ գահակալութեան արեւշատ ու արդիւնալի տարիներ։ Հայրապետական մեր սէրն ու բարեաց մաղթանքները կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին։
Սուրբ Ծննդեան շնորհաբեր այս օրը մեր աղօթքը կը վերառաքենք առ Փրկիչ մեր Տէրը։ Ով մանկացեալ Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, մեր փրկութեան համար մարմնացար եւ աշխարհ եկար ու մարդկութեան հանդէպ անսահման սիրովդ երկնառաք շնորհներու լոյսը ծագեցուցիր բոլոր Քեզի հաւատացողներու հոգիներուն մէջ։ Խաղաղութիւն ու բարօրութիւն պարգեւէ աշխարհին ու մեր հայրենիքին։ Ազատէ մեզ ամենայն չարէ ու չարիքէ, մխիթարութիւն շնորհէ պատերազմի արհաւիրքներէն ու ծանր կորուստներէն խռովայոյզ ու վշտակիր մեր սրտերուն։ Ներէ եւ թողութիւն շնորհէ մեզ, որպէսզի մեղքերն ու անկումները չփակեն մեր առջեւ ճանապարհը մեր տեսիլքներու իրագործման եւ ակունքները Քու անբաւ բարիքներու եւ անսպառ ողորմութեան։ Սուրբ Աջիդ խնամքին ներքեւ պահպանէ հայրենիքի սահմանները հսկող մեր քաջարի զինուորները։ Շուտափոյթ վերադարձ պարգեւէ պատանդ պահուող գերեալ հայորդիներուն, այլեւ անյայտ կորսուած մեր զաւակներուն։ Երկնային երանական հանգստութեան եւ լուսեղէն օթեւաններու արժանացուր պատերազմի մէջ զոհուած մեր հերոս նահատակները։ Թող համայն հայութեան մէջ, ինչպէս Սուրբ Ծննդեան մսուրին մէջ, շողարձակէ Քու լուսաւոր ներկայութիւնը, որպէսզի Քեզմով զօրացեալ դիմակայենք բոլոր փորձութիւնները եւ ընթանանք դէպի յաղթական գալիքը մեր ժողովուրդի՝ փառաբանելով Քեզ Հօր եւ Սուրբ Հոգիի հետ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։
Եկեղեցական
- 11/12/2024