ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Գահիրէի մէջ 31 Յունուար-8 Փետրուար թուականներուն տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբին հերթական ժողովը։ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը։ Ս. Վիշոյ վանքէն ներս յանձնախումբի անդամները ընդունուեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին կողմէ։ Յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս հանդիպման մասնակցեցան Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան եւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։
Յանձնախումբը քննարկեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ծիսական աւանդութեան վերաբերեալ հարցեր, մասնաւորապէս մկրտութեան ծիսակարգի ընկալումն ու կատարումը։ Յանձնախումբի յաջորդ նիստը Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարեմուտին։