ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, անցեալ կիրակի պատարագեց Ս. Գայիանէ պատմական վանքին մէջ։ Միջնադարեան խորհրդաւոր աղօթատան սրբազան կամարներուն ներքեւ ան խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր քարոզի սղագրութիւնը։

*

«Ես եմ մի՛ վախնաք» (Յովհ. 6.20)

ԽՕՍՔ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ

Նախքան կիրակնօրեայ մեր տկար խօսքերու փոխանցումը, պիտի ուզէի այս հիանալի պահը օգտագործել եւ Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք մատուցանել այս առիթը նուաստիս ընծայած ըլլալուն համար։ Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է ինծի համար, որովհետեւ Սուրբ Էջմիածնի պատմական տաճարի մերձաւոր Ս. Գայիանէ վանքին մէջ ի ներկայութեան սրբազան հայրերու, վարդապետներու, հոգեւոր եղբայրներու, սարկաւագներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, ուխտի Ս. Պատարագս կը մատուցանեմ եւ խոնարհաբար ու նուաստաբար աղօթք կը վերառաքեմ առ բարձրեալն Աստուած։ Կ՚աղօթեմ, որ Աստուած ընդունէ այս աղօթքը, որովհետեւ այս բոլորին մէջ ներկայ է յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։

Ուստի, կ՚ուզեմ առաջի Ս. Պատարագի եւ Աստուծոյ, որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնել Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն հայրապետական խնամքը, միշտ զգալի է կեցութեանս ընթացքին։ Եւ անշուշտ թէ յատկապէս որդիաբար շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել մեր սրբազան եպիսկոպոսներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ողջ ու զինուորեալ միաբանութեան եւ հոգեւոր բոլոր եղբայրներուն, որոնց խնամքը, գուրգուրանքը, այս դժուարին շրջանին մէջ, խրախուսեց զիս, որպէսզի այստեղ զգամ, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարող է մեր օգնութեան հասնելու ի հոգեւորս։ Տէր Աստուած անսասան պահէ մեր Մայր Եկեղեցին, Սուրբ Էջմիածինը, իր գահակալն ու ողջ միաբանութիւնը եւ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայ ժողովուրդը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

«ԵՍ ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ» Կ՚ԸՍԷ ՔՐԻՍՏՈՍ

Յովհաննէս Աւետարանիչ Առաքեալը այսպէս բնութագրեր է Քրիստոսի հրաշքներէն միոյն ընթացքին արտասանուած խօսքը։ Վախ բառը իրապէս մեր առօրեային մէջ մաս եւ բաժին ունի։ Իւրաքանչիւր անհատ իր ծնունդէն սկսեալ, կամայ եւ ակամայ, վախի գաղափարով կը ծնի, երբ կու գայ այս աշխարհ։ Իր մանկութեան ժամանակ, իր պատանեկութեան ժամանակ, երիտասարդութեան ժամանակ, մինչեւ իր կեանքին վախճանը՝ վախու գաղափարը միշտ ներկայ է։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Որովհետեւ վախին մէջ ներկայ է տկարութիւնը։ Տկարութեան դրսեւորումն է վախի գաղափարը։ Իսկ, մենք քանի որ որպէս մեղաւոր ծնած ենք այս աշխարհին մէջ եւ կատարեալ չենք Աստուծոյ նման, մենք տկար ենք ու այդ տկարութենէն կը բղխի վախի գաղափարը։ Իսկ այս օրուան Աւետարանը գեղեցկօրէն ցոյց կու տայ, թէ վախը կրնայ փարատիլ։

Մենք ճիշտ է, որ մեղաւոր ենք եւ տկար, սակայն Քրիստոս ինք անձամբ կը խոստովանի իր առաքեալներուն առջեւ եւ կ՚ըսէ. Մի՛ վախնաք ձեր տկարութիւններէն, մի՛ վախնաք նոյնիսկ ձեր մեղքէն, եթէ Քրիստոս Աստուածը ունիք ձեր մօտ։ Որովհետեւ Քրիստոս Աստուածը որպէս ճշմարիտ Աստուած, կատարեալ Աստուած է, կատարեալ կեանք է, կատարեալ լոյս է եւ ահա այդ կատարելութեամբ պիտի գայ, պիտի օրհնէ եւ պիտի ամբողջացնէ մեր կեանքը՝ հանուր տեւողութեանը ընթացքին։ Հետեւաբար, տեսնենք, թէ Քրիստոս այս խոստումը կը դնէ բոլորիս առջեւ։

Սակայն այս պահուն լաւ պէտք է իմանալ, թէ Քրիստոս ինչպիսի մթնոլորտի մը մէջ արտասանեց այս խօսքը։ Եկէ՛ք ընթերցենք Յովհաննէսի Աւետարանէն այն բաժինը, որուն մէջ կ՚ըսէ, թէ մեր Փրկիչը հինգ հազարները կերակրեց ու մեծ հրաշք մը գործեց եւ ի տես այս մեծ հրաշքին, Իր մօտ կանգնած բազմութիւնը սիրով շրջապատեց Քրիստոսը եւ ուզեց, որ զինքը իրենց վրայ թագաւոր հռչակեն։ Անոնք տեսան մեծ հրաշք մը, իրենց աչքերը սեւեռեցին Հրաշագործին եւ ըսին. Ո՜վ Յիսուս, Դուն մեզ կրնաս առաջնորդել, Դուն կրնաս մեզի թագաւոր դառնալ։ Սակայն Քրիստոս տեսնելով իրենց սրտին մէջ թաքնուած այդ զգացումը, տեսաւ իրենց մօտ կանգնած փորձութիւնը։ Փորձութիւն մըն էր սա, որովհետեւ կ՚ուզէին Երկնքի Թագաւորը, Աստուածը, այս աշխարհի թագաւորին վերածել։ Նիւթական աշխարհի թագաւորին վերածել էր իրենց իղձը։ Եւ Քրիստոս տեսաւ այս մէկը, զգաց եւ հեռացաւ իրենցմէ։ Այս մթնոլորտին մէջ առաքեալները որպէսզի այս հիանալի բազմութեան շեղացնող մտածումին մէջ չխորտակուէին, Քրիստոսին հանդէպ իրենց մտածումները չպախարակուէին, Քրիստոս Իր առաքեալները եւս ուղարկեց ըսելով. Դուք ճանապարհորդեցէք ես ձեզի կը հասնիմ։

Իսկ առաքեալները, որոնք լաւ ձկնորսներ էին եւ լաւ գիտէին ծովը, փոթորիկներուն հետ պայքարի մէջ հմուտ էին, ճանապարհ դրուեցան եւ երբ խաւարին մէջ նաւը սկսաւ ազդուիլ ալեկոծութենէն, այդ ընթացքին մէջ յանկարծ լսուեցաւ ձայն մը։ Առաքեալները չէին սպասեր նման երեւոյթի մը եւ այդտեղ ձայնը կ՚ըսէր. Մի՛ վախնաք։ Գիտեմ, որ տեսարանը վախազդու է, սակայն մի՛ վախնաք, որովհետեւ «Ես եմ»։ Ես եմ ձեր Փրկիչը, ձեր հարազատ ուսուցիչը, ես եմ Աստուածը, այսինքն այն Աստուածը, որուն մօտ վախու տեղ չկայ։ «Մի՛ վախնաք, ես եմ»։

Հետեւաբար սիրելիներ, Տէր Յիսուս Քրիստոս այստեղ, պզտիկ իմաստով մը ցոյց տալ կ՚ուզէ, թէ «Ես եմ» բառին մէջ թաքնուած է Աստուածային ներկայութիւն մը եւ ոչ թէ՝ մարդկային։ Տէր Յիսուս Քրիստոս որպէս Երկնքի Թագաւոր կը դիմէ իր առաքեալներուն եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ»։ Եթէ ինծի պիտի հաւատաք, մի՛ հաւատաք մարդու մը, այլ հաւատացէ՛ք Աստուծոյ։ Եթէ պիտի հաւատաք, եթէ պիտի ըլլաք Քրիստոնեաներ, եղէ՛ք այնպիսի քրիստոնեաներ, որոնք հաւատքը, յոյսը, սէրը ունենան ի Յիսուս Քրիստոս՝ Ճշմարիտ Աստուած։

Այս մէկը պզտիկ ընթացք մըն է, սակայն շատ կարեւոր, քանի մեր կեանքի պատկերն է սա։ Իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ կրկնուած պատկերն է սա, որովհետեւ մենք ալ չունի՞նք վախեր։ Իւրաքանչիւրս անձնական վախեր, հաւաքական վախեր, ժողովրդային վախեր չունի՞նք։ Խոստովանինք, որ ունինք։ Իւրաքանչիւրս փոքր թէ մեծ վախեր ունինք։ Այս կեանքը կու գայ մեզի շատ զօրաւոր հարուածներով երբեմն։ Սակայն մենք ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեր կեանքին մէջ չկայ Քրիստոսը։ Իսկ այս պարագային մեր Փրկիչը մխիթարական որպէս երեւոյթ կը մօտենայ։ Մեր սրտերը կը թակէ եւ կ՚ըսէ. Ո՜վ հաւատացեալ, վախեր ունիս գիտեմ, վասն զի այս աշխարհի կանոնն է վախը։ Սակայն աչքդ եւ ականջդ լաւ բաց, որովհետեւ քեզի կը մօտենայ այն զօրութիւնը, այն Աստուածը, որ մեծագոյն վախը ջախջախեց, մեծագոյն մեղքը եւ իր արդիւնքը՝ մահը ջախջախեց իր ոտքերուն տակ։ Այլապէս այնքան մեծ զօրաւորը կը մօտենայ դէպի քեզ։ Հետեւաբար բաց սիրտդ, որպէսզի ճշմարիտ Աստուածը քու կեանքէդ ներս գործէ։

Քրիստոսի այս խօսքը, պարզ եւ ռոմանթիք գաղափար մը չէ, որ պարզապէս մեր ձեռքերը բանանք, աղօթենք եւ ըսենք, որ մեր տկարութիւնները մեզմէ առնուին։ Ճիշդ է, որ մենք մարմնական եւ հոգեկան էակներ ենք։ Հետեւաբար մեր ձեռքերը պիտի բանանք Աստուծոյ, որպէսզի մեր վախերը փարատին, սակայն պիտի ընթանանք նաեւ գործով եւ գաղափարներով, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս առաջնորդէ մեր գործերն ու գաղափարները։

Այս ուղղութեամբ, ի՞նչ է այն կարեւոր բառը, եթէ ոչ՝ ապաւինիլ։ Կը յիշե՞նք Սաղմոսաց Գրքին հիանալի տողերը։ Եկէ՛ք կարճ երկու սաղմոսները վերյիշենք։ «Ո՜վ Տէր, քեզի ապաւինեցայ. թող ամօթով չմնամ բնաւ։ Արդար ես դուն, ազատէ զիս» (Սղմ 31.1)։ Տէրն է իմ հովիւս, ուստի ոեւէ բանի կարօտ պիտի չմնամ…Նոյնիսկ եթէ մահաստուեր ձորերէն կ՚անցնիմ, չարիքէ մը չեմ վախնար, Տէր, քանի դուն իմ հետս ես» (Սղմ 23.1,4)։ Հետեւաբար, միասնաբար տեսնենք, թէ՝ որքա՜ն մեծ զօրութիւն մը ունինք մեր կեանքերուն մէջ։ Սակայն իրապաշտ ըլլանք։ Քրիստոս միշտ կանգնած է որպէս Փրկիչ, սակայն մեր անհատական, հաւաքական ընթացքը ի՞նչ եղած է ի տես Քրիստոսի խօսքերուն։ Եկէ՛ք սիրելիներ պարզօրէն յիշենք, ի՞նչ է մեր տկարութիւններուն աղբիւրը եւ իրենց հետեւանքները։ Այս առումով պզտիկ յիշեցումով մը կ՚ուզեմ շարունակել։

ՈՐՊԷՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ՝ ՎԵՐԱԳՏՆԵՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

Թագաւոր մը արշաւանքի ընթացքին կը գրաւէ քաղաքը եւ քաղաքի բոլոր սրբավայրերը, բնակարանները եւ գրեթէ ամէն ինչը կը քանդէ։ Ժողովուրդը մեծ վախ ունի։ Այս ընթացքին իրենց մէջէն իմաստուն մը, ոտքի կանգնելով թագաւորին կը ներկայանայ իրեն հետ զրուցելու համար։ Թագաւորը իրեն երկու հարցումներ կ՚ուղղէ։ Առաջինը՝ ո՜վ իմաստուն, ըսէ ինծի, ես ինչո՞ւ հոս եմ։ Իմաստունը կը պատասխանէ. դուն այստեղ ես, որովհետեւ մենք մեղք գործեցինք։ Դուն որպէս Աստուծոյ պատիժը կանգնեցար մեր առջեւ։ Մենք որովհետեւ մեր ինքնութենէն հեռացանք, մենք որովհետեւ մեր արմատներէն հեռացանք, այն ինչերէն որոնցմով արժէք կը ստանանք, անոնցմէ հեռացանք, Աստուածը մոռցանք եւ որպէս պատիժ դուն յայտնուեցար։ Հետեւաբար պէտք է վախնանք։

Թագաւորը կը հարցնէ երկրորդ հարցումը իմաստունին. Շատ բարի։ Եթէ որպէս պատիժ ներկայացած եմ ձեզի, պատասխան տուր, ինչպէ՞ս կրնամ հեռանալ այստեղէն։ Իմաստունը կը պատասխանէ. Պատասխանը շատ պարզ է, ո՜վ թագաւոր։ Մենք եթէ վերագտնենք մեր ինքնութիւնը, եթէ մենք վերագտնենք մեր Աստուածը, մեր էութիւնը, մեր հաւատքը, դուն արդէն իսկ կը վերանաս մեզմէ։ Կը հաւատանք այսօր, թէ եթէ մենք գտնենք զԱստուած վերստին, դուն արդէն իսկ հեռացած պիտի ըլլաս մեր մէջէն։ Որովհետեւ այդ ժամանակ մենք փոխանակ խաւարի՝ լոյսի արժանացած ժողովուրդ պիտի դառնանք։ Փոխանակ մահու՝ կեանքի արժանացած ժողովուրդ պիտի դառնանք։ Փոխանակ կորստեան մատնուած ժողովուրդ ըլլալու՝ մենք զմեզ վերագտած ժողովուրդի պիտի վերածուինք։ Հետեւաբար չենք վախնար, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է։

Վախնալ եւ չվախնալ, երկուքի միջեւ եղած տարբերութիւնը կը տեսնենք։ Աստուծոյ փարելով մեր վախերը կը փարատին, սակայն Աստուծմէ հեռանալով մեր վախերը կը շատնան այս աշխարհի մէջ։  Աստուծոյ փարելով միասնաբար Աստուծոյ ժողովուրդը դառնալով Աստուծոյ օրհնութեան կ՚արժանանանք, սակայն որպէս ժողովուրդ Աստուծմէ հեռանալով, սիրոյ Աստուծոյ հիանալի գուրգուրանքէն զրկուածներ ըլլալով մենք դատապարտութեան կ՚արժանանանք։ Հետեւաբար, մխիթարական խօսք մըն է Քրիստոսէ արտասանուածը, որուն մէջ կը գտնուի վերյիշեցում։ Իւրաքանչիւրիս համար վերյիշեցում… որպէս անհատական վերյիշեցում, ուղղեալ՝ հաւատացեալին, նաեւ որպէս հաւաքական վերյիշեցում, ուղղեալ՝ հաւաքականութեան։

ԱՂՕԹՔ ԱՌ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ

Կ՚ենթադրեմ, որ իւրաքանչիւրս մեր սրտերուն մէջ նեղութիւնները յաղթահարելու մասին կը մտածենք ու ելքի ճանապարհ մը կը փնտռենք։ Ուր որ նայինք, յատկապէս վերջին շրջաններուն, նեղութիւնը կը տեսնենք։ Յուսալքութիւնը պատած է մեզ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր զաւակներուն ապագան, ի՞նչ պիտի ըլլան մեր սրբավայրերը, ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք մենք։ Արդեօք դէպի վերջակէ՞տ, թէ ոչ՝ նորասկիզբ բերրի ճանապարհներ։ Այս մէկը կը վախցնէ իւրաքանչիւրս եւ պէտք է խոստովանիլ։ Սակայն, եկէ՛ք այսօր, խոստովանելով մեր նեղութիւնները, տկարութիւնները Աստուծոյ առջեւ դնելով ըսենք. Ո՜վ Տէր, մենք եթէ սխալ գործած ենք, Քու առջեւդ կու գանք։ Մեր սխալը Քու առջեւ դնելով ներողութիւն կը խնդրենք։ Ո՜վ Տէր, եթէ մենք մեղքի մէջ թաթախուած ենք, մեր մեղքերը Քու առջեւդ կը դնենք, որպէսզի դուն որպէս բարերար Աստուած, որպէս բարեգութ Աստուած, գաս եւ զանոնք հեռացնես մեր կեանքէն եւ անոնց փոխարէն պարգեւես օրհնութիւն։ Ո՜վ Տէր, որպէս ժողովուրդ, յատկապէս այս հիանալի համալիրին մէջ, մենք մեր աչքերը կը սեւեռենք ազգային օրհնութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին՝ ըսելով. Ո՜վ Տէր, դուն անցեալին Ս. Լուսաւորչի տոհմով, Ս. Տրդատ թագաւորով մեզի մահը խափանելու, խաւարը փճացնելու այդ ձեռքը երկարեցիր երկինքէն դէպի երկիր, մեր ժողովուրդին։ Այդ սրբարանը կը դիտենք, այդտեղ կը վերյիշենք, թէ Դուն մեզի հետ ես։ Հետեւաբար այդ մէկը յիշելով գոնէ, այս միոյն իրականութեան հաւատալով գոնէ, մենք մեր հաւատքը կը դնենք Քու առջեւդ ըսելով. Տէ՜ր ներէ մեզի, օգնէ մեզի, ցոյց տուր մեր ճանապարհը, որովհետեւ գիտենք, թէ Դուն ես։ Դուն որ ըսիր, թէ «Ես եմ, մի վախնա՛ք»։

Հուսկ՝ երբ պիտի աղօթենք Տէրունական աղօթքով, եկէ՛ք, մեր ձեռքերը բարձրացնենք այնպէս, որ երկիրը թող շարժի։ Այնպէս մեր սրտերուն խորքերէն աղօթք բարձրացնենք դէպի այս տաճարին գմբէթը, որով Տէր Յիսուս Քրիստոս զգայ մեր ջերմեռանդութիւնը, հաւատքը, իղձերը անհատական եւ հաւաքական եւ երկինքէն անձրեւի նման օրհնութիւն ու խաղաղութիւն տեղացնէ եւ յատկապէս լոյսը թող իջեցնէ մեր մէջ եւ մենք ըսենք. «Ո՜վ Տէր, այս վախազդու աշխարհին մէջ չենք վախնար։ Ո՜վ Տէր, այս վախազդու աշխարհին առջեւ ծունկի չենք գար, որովհետեւ Քեզմով կանգուն, ամուր, հաստատ ենք»։

Տիրոջ շնորհքը, սէրը, խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը թող իւրաքանչիւրիս հետ ըլլայ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։ Ալէլուիա. ալէլուիա։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

6 փետրուար 2022, կիրակի

Երեքշաբթի, Փետրուար 8, 2022