ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ «ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՆ ՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի մանկավարժներն ու շրջանաւարտները։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հայրական իր օրհնութիւնը բերաւ ներկաներուն եւ ջերմօրէն ողջունեց զանոնք։ Վեհափառ Հայրապետը բերկրանք արտայայտեց առ այն, որ հանդիպման ներկայ են զաւակներու սպասող շրջանաւարտներ։ Ան Աստուծոյ ամենախնամ Սուրբ Աջի մշտական ներկայութիւնը մաղթեց անոնց կեանքէն ներս։

Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Միհրան Միրիճանեանի տասնամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ մանկավարժներու նախանձախնդիր աշխատանքը՝ միտուած վարքային խնդիրներու խնամքի կարիք ունեցող երեխաներու աջակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց իր պարբերական այցելութիւնները կեդրոն եւ հանդիպումները երեխաներու ու պատանիներու հետ։ Ան կարեւոր եւ հանրօգուտ նկատեց կեդրոնի առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւններու ընդհանուր ծիրէն ներս։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւորեց, որ կեդրոնի աշխատակազմը կը շարունակէ կապ պահել շրջանաւարտներուն հետ եւ անհրաժեշտ հոգատարութիւնը ցուցաբերել անոնց նկատմամբ։ Անմիջական զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնն ու ներկաները բաժնեցին կեդրոնի վերաբերեալ յուշեր՝ մասնաւոր անդրադարձ կատարելով նաեւ շրջանաւարտ սաներու ապագայ կեանքի ընթացքին։ Ներկայիս այս կեդրոնէն ներս կը խնամուի 18 սան, շրջանաւարտներու թիւն է 20։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021