Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերադարձաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութենէն։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կանոնադրութեան մշակման յանձնախումբի ժողովներուն, որոնք գումարուեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Ժողովներուն ատենապետեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի որոշումով ստեղծուած է այս յանձնախումբը՝ ուսումնասիրելու համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր կանոնադրութեան նախագիծը։ Այս աշխատանքներով նախատեսուած է ձեւաւորել կանոնադրութենէն ներս Ազգային-եկեղեցական ժողովին, Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին վերաբերեալ տրամադրութիւնները։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նիստերուն ընթացքին փոխանցած է Պատրիարքական Աթոռին մօտեցումները։