ՀԵՌՈ՛Ւ ՄՆԱՆՔ ՕՏԱՐ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԷ

Մեծ պահոց 40-րդ օրն է եւ Քառասնորդաց պահեցողութեան վերջին օրը:

Քառասուն օրեր առաջ սկիզբ առաւ այս ճանապարհորդութիւնը այսօր իր աւարտին հասած է արդէն: Աւարտ մը սակայն, որ նոր հանգրուանի մը սկիզբն է՝ Աւագ շաբաթի պահեցողութեան: Այն ինչ որ շահեցանք անցնող քառասուն օրերու ընթացքին, զայն ի գործ պիտի դնենք յառաջիկայ շաբթուան համար, որպէսզի աւարտին ուրախութեամբ դիմաւորենք ու փառաւորենք մեր Տիրոջ Հրաշափառ Յարութիւնը:

Արդարեւ, Ամենաբարին Աստուած՝ Ի՛նք, կրկին անգամ զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ, զգուշացնելով, թէ «ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք» (Բ. Օր 11.16): Քառասուն օրեր ուղիղ պողոտայէն ընթացանք մինչեւ հասանք այս օրուան, հիմա, զգոյշ պէտք է ըլլանք, որպէսզի չխոտորինք շիտակ ճամբայէն եւ օտար աստուածներու պաշտամունքին ու երկրպագութեան չնուիրուինք: Յստակ ու պարզ է զգաստութեան հրաւէրը, կը մնայ որ իւրաքանչիւր պահեցող ականջ դնէ, լսէ՛ ըսուածը եւ աշխատի չշեղիլ անկէ:

Ի՞նչ են սակայն օտար աստուածները: Կարելի է երկու կերպ հասկնալ:

1) Օտար աստուած է առաջին հերթին մեր իսկ անձը: Յիշենք, Աստուած մեզ իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն ստեղծեց (տե՛ս Ծն 26-28): Հետեւաբար, մարդը որպէս ամբողջութիւն Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած է, եւ որպէս այդպիսին պէտք է փորձէ ըլլալ այնպիսին՝ ինչպիսին է իր Ստեղծիչը: Սակայն, երբ մարդ մոռնալով այս ճշմարտութիւնը ինքն իր անձը կը մեծարէ աւելի քան զԱստուած, կը նմանի սատանային, որ նոյնպէս փորձեց իր անձը մեծարել, սակայն կործանեցաւ: Մարդ, փորձելով իր անձը մեծարել, կ՚օտարանայ իր բուն եւ իսկական էութենէն՝ որն է Աստուածանմանութիւնը: Հետեւաբար, մարդ ինքն իր ձեռքով ինքզինք օտար աստուածի կը վերածէ եւ կը լծուի իր իսկ անձին պաշտամունքին ու երկրպագութեան:

2) Օտար աստուածներ են բոլոր այն երեւոյթները, որոնք հակառակ են Աստուծոյ կամքին: Ընդհանրապէս այդ երեւոյթները մենք կը կոչենք՝ մեղք: Մարդ ինչ բանի որ կապուած ըլլայ բացի Աստուծմէ, իր այդ կապուածութիւնը ինքնին օտարացում մը կ՚ըլլայ եւ այդպիսով օտար աստուած մը յառաջացուցած կ՚ըլլայ ինքն իրեն համար: Հետեւաբար, այստեղ եւս մարդ ի՛նքն է, որ ինքն իրեն համար օտար աստուածներ կը ստեղծէ եւ կը լծուի անոնց երկրպագութեան ու պաշտամունքին:

Շատ ատեն մարդիկ անգիտակացաբար այդպիսի իրավիճակներու մէջ կը յայտնուին, որովհետեւ տեղեակ չեն Աստուածաշունչի պատգամներուն: Այդպիսները սակայն կրնան հեշտութեամբ ձերբազատուիլ այդ կռապաշտութենէն, երբ լսելով Աստուծոյ պատգամները, զղջան ու դարձի գան: Սակայն, բաւական մտահոգեցուցիչ պարագայ է անոնց վիճակը, որոնք Աստուածաշունչ կարդալով հանդերձ առաջին կամ երկրորդ խումբին կը պատկանին, որովհետեւ այդպիսները խաբուած ըլլալով կը կարծեն, թէ իրենք ճշմարտութեան մէջ են, մինչ իրականութեան մէջ, խոտորած են շիտակ ճանապարհէն եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար անցած են օտար աստուածներու պաշտամունքին եւ երկրպագութեան: Այդպիսիներուն համար անհրաժեշտ է լուրջ աղօթական կեանքն ու զգաստութեան ոգին, որպէսզի անդրադառնալով իրենց խաբուածութեան նախ եւ առաջ ուշքի գան եւ ապա փորձեն կրկին անգամ վերադառնալ շիտակ ճանապարհին:

Քառասուներորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակել մեր հոգիները, որպէսզի իմանան, թէ մէ՛կ Աստուած կայ միայն՝ «Ե՛ս եմ Աստուած եւ Ինձմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ Ինծի պէս մէ՛կը չկայ» (Ես 46.9), Որուն՝ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022