ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Պապուաշվիլին, որ այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Ողջունելով Պապուաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նման փոխադարձ այցելութիւնները եւ երկու երկիրներու միջեւ ընդլայնուող համագործակցութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ սա համահունչ է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան։ Անդրադառնալով անկախութեան տարիներուն երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած սերտ յարաբերութիւններուն՝ ան նկատեց, որ հայ եւ վրաց ժողովուրդները միասնաբար յաղթահարած են բազմաթիւ դժուարութիւններ՝ պահպանելու համար իրենց ազգային ինքնութիւնն ու հոգեւոր արժէքները։

Անդրադառնալով հայ եւ վրաց ժողովուրդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի բարդ իրավիճակին՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ երկու երկիրները անկախ իրենց շահերէն եւ դիրքորոշումներէն պէտք է զօրավիգ ըլլան իրարու՝ յանուն հաւատակից եղբայր ժողովուրդներու բարօրութեան եւ անվտանգութեան։

Ի դէմս Պապուաշվիլիի, Վեհափառ Հայրապետը Վրաստանի իշխանութիւններուն յայտնեց իր երախտագիտութիւնը հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար՝ մասնաւորապէս մատնանշելով Նորաշէնի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Նշան եկեղեցիներու ամրակայման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու վերադարձին, տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ միջնորդական ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։

Իր կարգին, Պապուաշվիլի անդրադառնալով տարածաշրջանի իրավիճակին՝ նշեց, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի եւ սա է երկու երկիրներու զարգացման ամենակարեւոր գրաւականը։ Պապուաշվիլի նաեւ գոհունակութեամբ խօսեցաւ Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան դրական արդիւնքներուն մասին, երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ու անոր զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Ան տեղեկացուց նաեւ այն միջոցառումներուն մասին, որոնք նոյն նպատակներով ձեռք պիտի առնուին։ Պապուաշվիլի եւս կարեւորեց հայ եւ վրաց ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու առաւել սերտացումը։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022