ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական բուռն իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական անգամ հանդէս եկաւ կոչով ու յորդորներով։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի հետ սահմանակից Տաւուշի մարզէն դէպի Երեւան բողոքի երթ մը սկսած է՝ գլխաւորութեամբ տեղւոյն թեմակալ առաջնորդին՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները հերթական անգամ կը թիրախաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Պատրուակելով բողոքի երթը՝ պնդումներ յառաջ կը քշուին, թէ եկեղեցին միջամուխ կը դառնայ քաղաքականութեան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարութիւններ ըրաւ այս մասին։

Այս բոլորէն վերջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Տաւուշի մարզէն տարածքները Ատրպէյճանին միակողմանիօրէն յանձնելու իրողութեան եւ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու որդեգրած անընդունելի դիրքորոշումներու առընչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը վերահաստատէ նախապէս արտայայտուած իր դիրքորոշումը։

Խիստ վտանգաւոր կը համարենք՝ առանց համապարփակ ու երաշխաւորուած լուծումներու Տաւուշի սահմանամերձ շրջանին մէջ սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքեւ իրականացուող գործողութիւնները, որոնք նոր սպառնալիքներ կը յառաջացնեն մեր ժողովուրդին համար։ Ստեղծուած կացութիւնը արդար ընդվզում յառաջ բերած է աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մանաւանդ՝ Տաւուշի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներու շրջանակին մէջ՝ պատճառ դառնալով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» քաղաքացիական շարժման սկզբնաւորման։

Առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման հոգեւոր սպասաւորները՝ այս պարագային Տաւուշի թեմի եկեղեցականները՝ թեմակալ առաջնորդի գլխաւորութեամբ, հաւատարիմ իրենց հոգեւոր առաքելութեան ու կոչման, չեն կրնար անտարբեր մնալ ու անհաղորդ՝ իրենց խնամքին յանձնուած ժողովուրդի անհանգստութիւններուն ու կարիքներուն։

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յորդորենք արդար մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները արտայայտել բացառաբար խաղաղ ճանապարհներով եւ դրսեւորել հանդարտութիւն ու զսպուածութիւն՝ զերծ մնալով հակաօրինական գործողութիւններէ։ Հասարակական կարգի պահպանման համար պատասխանատու ծառայութիւններէն կ՚ակնկալենք բացառապէս օրէնսդրութեան խիստ համապատասխան գործելաոճ։

Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ իշխանութիւններուն՝ անսալ ժողովուրդի հիմնաւոր պահանջներուն եւ խաղաղութեան ուղղուած գործընթացներուն մէջ առաջնորդուիլ այնպիսի մօտեցումներով, որոնք չեն մեծցներ անվտանգային սպառնալիքները՝ խորացնելով մեր հանրութեան մէջ անպաշտպանուածութեան եւ անորոշութեան զգացումները։ Կարեւորելով սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացները՝ միաժամանակ կը հաստատենք, թէ այդ աշխատանքները պէտք է իրականացուին պատերազմի բացառման, Հայաստանէն բռնազաւթուած տարածքներու վերադարձման եւ բնակավայրերու անվտանգ ու անխաթար կեանքի ապահովման երաշխիքներու գոյութեան պայմաններուն ներքեւ։

Ազգային մեր արժանապատուութիւնը, հայրենի պետութեան եւ սրբազան արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը պէտք չէ տեղի տան անյուսութեան, անհանդուրժողութեան եւ երկչոտութեան՝ թշնամանքի եւ ատելութեան առջեւ։ Եկեղեցին, չունենալով քաղաքական իշխանութեան յաւակնութիւններ, պիտի շարունակէ պատմական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ջանքեր ներդնել յանուն հայրենիքի եւ պետականութեան զօրացման, մեր ժողովուրդի ինքնութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան, ազգային կեանքէ ներս միասնականութեան ու եղբայրսիրութեան ամրապնդման՝ նպաստելով տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդման։

Մեր աղօթքն է, որ Երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ մեր երկիրը եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս զօրացնէ սիրոյ, համերաշխութեան ու միաբանութեան ոգին. ամէն։

*

Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ անոնց միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ԳՀԽ-ի յայտարարութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի դիմագրաւած առկայ տագնապներուն շուրջ՝ մասնաւորապէս Տաւուշէ ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ։ Անոնք համամիտ գտնուեցան իրենց խորհրդակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ՝ շեշտելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի տագնապներու յաղթահարման գծով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024