ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ Ս. ԶԱՏԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քաղաքիս շարք մը քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Ս. Զատկի առթիւ։ Հարկ է նշել, որ ուղղափառ աշխարհը անցեալ շաբաթավերջին նշեց Ս. Յարութեան տօնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները, որոնք բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղեցին։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց նաեւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024