ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ խումբ մը երիտասարդ ուխտաւորներ։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի զանազան շրջաններէն ուխտաւորներէ բաղկացեալ այս խումբը ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան՝ ուղեկցութեամբ Քլիվլընտ քաղաքի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Սարգիսեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ ուխտագնացութեան տպաւորութիւնները նոր ներշնչանքի աղբիւր պիտի հանդիսանան բոլորին համար՝ առաւել զօրացած շարունակելու ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան ուխտաւորներուն յորդորեց՝ ինքզինքնին նկատել հայրենիքի տէր ու զաւակ, առաւելագոյնս հաղորդ դառնալ հայ իրականութեան եւ ստանձնել պատասխանատուութիւն Հայաստանի լուսաւոր ապագայի կերտման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022