«Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ»

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս ուխտագնացութեան կը մասնակցին նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն ներկայացուցիչներ։ Համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդներուն թիւը կը հասնի 150-ի։

Վեհարանի երէկուան հանդիպման ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՀԵՀԵՄ-ի առաջնորդ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ ու կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան։ Վեհափառ Հայրապետն ալ երիտասարդներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներ համախմբուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ այս տարուան ուխտագնացութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնադրութեան 1720-ամեակի յոբելենական շրջանին։ «Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ շնորհն է եւ պարգեւը, որ մեր ժողովուրդը հաւատքով սնուցած է, որով կերտուած է հայու ինքնութիւնը, նկարագիրն ու ոգին, ազգային եւ հոգեւոր ամբողջ արժեհամակարգը», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Տէրը ունկնդիր ըլլայ ուխտաւոր երիտասարդներու խնդրանքներուն եւ նորոգէ ու զօրացնէ անոնց ուխտը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023