ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մանուկեանի կողմէ կ՚առաջնորդուէին ուխտաւորները։ Ներկայացնելով ուխտաւորները Վեհափառ Հայրապետին՝ տէր հայրը անդրադարձաւ համայն հայութեան կեանքէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաջնային դերակատարութեան։ Ան ընդգծեց, թէ ուխտագնացութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին տրուած այցելութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հաւատացեալներուն տեսակէտէ։
Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ հաճելի է տեսնել՝ թէ ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորները իրենց համայնքներու անդամները կ՚առաջնորդեն հայրենիք եւ դէպի իրենց հաւատքի կեդրոնը՝ Սուրբ Էջմիածին։ Այդ հաւատացեալները կ՚ապրին անոնց կարօտով ու տեսիլքով, նաեւ անոնց սիրոյ եւ օրհնութեան ներքեւ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հոգեւոր սպասաւորներու եւ համայնքներու հաւատացեալ անդամներուն միջեւ հաստատուած համագործակցութեան։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին ու կանգ առաւ անոնց միասնական ջանքերով յաղթահարման հրամայականին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հիմնախնդրին։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց, որ Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ հայոց երկիրը ըլլայ մշտապէս ապահով, իսկ հայ ժողովուրդն ալ ապրի խաղաղութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ անցեալ Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմին ժամանակ Սփիւռքի հայ համայնքներուն կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայապահպանութեան եւ ազգային ինքնութեան տեւականացման, մատաղ սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան այդ հարցերուն լուծման շուրջ։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ իր սէրն ու օրհնութիւնները փոխանցեց ուխտաւորներուն եւ երկնաւորէն հայցեց, որ ամենակալ Աստուած զօրեղ պահէ իւրաքանչիւրին նուիրումն ու հաւատքը, որպէսզի Հայ Եկեղեցին ու հայոց կեանքը մնան շէն ու պայծառ։