ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը ֆրանսահայ երիտասարդներուն հետ։ Խումբը գլխաւորեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան եւ JAF-ի ղեկավար Փասքալ Շամասեան։

Ողջունելով մշակութային միութեան անդամները, սաները եւ ուսուցիչները՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան ընթացքին այս ընկերակցութեան տուած իր այցելութեան եւ այն կարեւոր ջանքերուն, որոնք այս կառոյցին կողմէ կը գործադրուին՝ մատաղ սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ապահովման, ազգային ոգիի եւ գիտակցութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց պատանիներուն՝ յորդորելով պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ շարունակել ապրիլ Ֆրանսայի մէջ իբրեւ ազգի հաւատարիմ զաւակներ, որպէսզի իրենց կեանքը դառնայ հպարտութիւն իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնը, հարազատ ժողովուրդի պատմութեան ու բազմադարեայ ժառանգութեան հաղորդ դառնալը նորովի պիտի բացայայտէ իրենց ինքնութիւնը՝ ոգեւորելով եւ ներշնչելով հարազատ մնալու ազգային արժէքներուն նկատմամբ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր գնահատանքը ընկերակցութեան վարչութեան անդամներուն ու նախագահին, պատգամեց շարունակել հայապահպանութեան ուղղեալ օրհնեալ ծառայութիւնը։

Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հովուապետի հոգեւոր կեանքի եւ սպասաւորութեան առաջին քայլերուն, յառաջիկայ հովուապետական այցելութիւններուն եւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի գործունէութեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018