ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը այսօր կը մասնակցի Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման։ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքի նախաձեռնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ այսօր կ՚ունենան տեսակցութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ ռուսաց պատրիարքի նախաձեռնութեամբ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան հայ եւ ազէրի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումները, որոնք առիթ կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մթնոլորտին մէջ դրական պատգամներու փոխանցման։

Դէպի Մոսկուա ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան, Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան, ինչպէս նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն Գէորգ Դանիէլեան։

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջանի թեմակալ առաջնորդ Եուսէֆ Եպիսկոպոսի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Հայոց Հայրապետին կողմէ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցւոյ հետեւորդներու Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ այս ուխտագնացութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ որպէսզի անոնք հաղորդ դառնան հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն։ Ան այս կապակցութեամբ նոյն ջերմութեամբ վերյիշեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Եգիպտոս եւ Ղպտի եկեղեցւոյ հովուապետներու այցելութիւնները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ ղպտի ժողովուրդի զօրեղ հաւատքի եւ Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած սիրոյ մասին։ Ան անդրադարձաւ այսօր Եգիպտոսի մէջ ղպտիներու առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, երբ կը շարունակուին հաւատքի համար նահատակուիլ հաւատակից ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակները։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը այս առթիւ հայոց եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ հովուապետին, հոգեւոր դասուն եւ հաւատացեալներուն՝ նշելով, որ անոնք մշտապէս իր աղօթքներուն մէջ են։

Իր կարգին Եուսէֆ Եպիսկոպոս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան եւ հայրապետական օրհնութիւններուն համար։ Ան ընդգծեց, որ ուխտաւորները առաջին անգամ կ՚այցելէին Հայաստան՝ այն օրհնեալ երկիրը, ուր ապրած եւ քարոզած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ կը յիշատակուի նաեւ Ղպտի եկեղեցւոյ կողմէ։ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի եղբայրական ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Ան մատնանշեց նաեւ Միացեալ Նահանգներէ ներս քոյր եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերն ու համագործակցութիւնը։

Զրոյցի վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը հայցեց Ամենակալ Աստուծոյ առատ օրհնութիւններն ու ողորմութիւնը Ղպտի եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատացեալներուն համար՝ որպէսզի ապրին խաղաղ կեանքով եւ Աստուծոյ ամենազօր Աջը մշտապէս հովանի ու պահապան ըլլայ անոնց համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017